Որոնել

«Ընկերային ծառայութիւններու գիւղական կեդրոն» «Ընկերային ծառայութիւններու գիւղական կեդրոն» «Ընկերային ծառայութիւններու գիւղական կեդրոն» «Ընկերային ծառայութիւններու գիւղական կեդրոն» 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Թէմարայի «Ընկերային ծառայութիւններ

Կեդրոնին առաքելութեան մաս կը կազմէ տեղական բնակչութեան, դաստիարակչական, առողջապահական ու հոգեբանական ծառայութիւն մատուցել։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 31 Մարտ 2019-ին  Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ յայտագիրը սկիզբ առաւ տեղական ժամով առաւօտեան 8.30-ին (Հռոմի ժամով 9.30) երբ Ան ուղղուեցաւ Թէմարա քաղաք որ կը գտնուի Ռապաթէն 15 քմ հեռաւորութեան վրայ, ուր Նորին Սրբութիւնը  այցելութիւն տուաւ քաղաքի «Ընկերային ծառայութիւններու գիւղական կեդրոն» որուն մատակարարութիւնը յանձնուած է «Գթութեան Դուստրեր» 1633 ին  Սրբուհի Լուիզա Տէ Մարիլլաքի եւ Սուրբ Վէնսան Տէ Փոլէն հիմնուած միաբանութեան անդամներուն։

Կեդրոնին առաքելութեան մաս կը կազմէ  տեղական բնակչութեան, դաստիարակչական, առողջապահական ու հոգեբանական ծառայութիւն մատուցել։

Կեդրոն ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի կեդրոնի մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցող չորս մայրապետներու եւ երկու մանուկներու կողմէ հուսկ միասնաբար կ՛այցելեն  կեդրոնի մէջ խնամուած փոքրիկ հիւանդ մանուկները, մինչ այլ 150 մանուկներ Նորին Սրբութիւնը կ՛ընկալեն երգերով։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ կ՛ողջունէ  կեդրոնի կամաւոր աշխատաւորներն ու կեդրոնի համագործակիցները։

«Ընկերային ծառայութիւններու գիւղական կեդրոնի» տուած այցելութենէն ետք Սրբազան Պապը կը վերադառնայ Ռապաթ եւ Սուրբ Պետրոսի անուան պազիլիքային մէջ, որ է նաեւ Ռապաթի Կաթողիկէ Եղեցուող Աւագ Թեմին աթոռը, հանդիպում կ՛ունենայ Մարոքի կղերական դասի ու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի անդամներուն հետ, իր պատգամը ուղղելով ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2019, 10:00