Pope Francis visits Morocco Pope Francis visits Morocco 

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։

Շնորհակալական խօսք Թագաւորին ու քաջալերանք տեղական քրիստոնեայ հասարակութեան. «Շարունակեցէք ըլլալ ծառաները այն յոյսին որուն աշխարհը կը կարօտի»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 մարտ 2019- յետմիջօրէին «Մուլայ Ապտալլահ» մարզական համալիրին մէջ մատուցած Մարոքի առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յատուկ խօսքով ուզեց գոհութիւն մատուցել Տիրոջ «որ ինծի առիթ ընծայեց այս ճամբորդութիւնը կատարելու ու ձեր մէջ գտնուելու՝ որպէս Յոյսի ծառայ» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալական խօսք ուղղելով Նորին Վսեմութիւն Մոհամմատ Զ Թագաւորին, ու երկրին իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան ճամբորդութեան կազմակերպումին ու անոր յաջողութեան համար։

«Շնորհակալութիւն իմ եպիսկոպոս եղբայրներուս ու քահանաներուն, կրօնաւոր, կրօնաւորուհիներուն ու բոլոր աշխարհական հաւատացեալներուն, որոնք Մարոքի մէջ կը գտնուին ու ծառայութիւն կը մատուցեն Եկեղեցւոյ առաքելութեան ներքոյ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց ընթացքը  իսլամ եղբայր ու քոյրերու հետ երկխօսութեան ուղիով ու համագործակցութեամբ, «որպէսզի տեսանելի դառնայ այդ տիեզերական եղբայրութիւնը որ իր աղբիւրը կը գտնէ Աստուծոյ մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնելով որ անոնք ըլլան ծառաները այն յոյսին, որուն աշխարհը մեծապէս կը կարօտի։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը  փոխադրուեցաւ Ռապաթի օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք, տեղական ժամով 17.15-ին (Հռոմի ժամով 18.15ին) բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելու դէպի Հռոմ վերջ տալով Քահանայապետութեան առաքելական 28-րդ միջազգային ճամբորդութեան։

Սրբազան Պապին Հռոմ ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 9.30ին Հռոմի Չամփինօ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2019, 18:45