Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Մարոք Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Մարոք 

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Մարոք՝ Մարոքի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն հետ հանդիպում։

Սրբազան Հայրը Մարոքը նկատեց կամուրջ՝ ընդմէջ Ափրիկէի եւ Եւրոպայի վերահաստատելով հարկաւորութիւնը՝ միացնելու ուժերը՝ ի նպաստ աւելի զօրակից աշխարհի մը կառուցման։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող  Հռոմէն Ռապաթ  ուղղուած օդանաւը, շաբաթ 30 մարտի յետմիջօրէի ժամը 2-ին, վայրէջք կատարեց Ռապաթի օդակայան ուր  Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Մարոքի Թագաւոր Մոհամմատ Զի կողմէ, ապա բարի ժամանումի արարողակարգէն ետք, Նորին Սրբութիւնն ու Թագաւորը փոխադրուեցան «Թուր Հասսան Բ» անուամբ համալիր, ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, երկու երկիրներու քայլերգերու կատարողութեամբ ու պատուոյ պահակագունդի ընդունելութեամբ որուն յաջորդեց երկու պատուիրակութիւններու ներկայացումը։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպում Մարոքի ժողովուրդին հետ։

«Թուր Հասսան Բ» անուամբ համալիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Մարոքի ժողովուրդի, իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ու Մարոքի Թագաւորին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք խօսք առնելով՝ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ իր պատգամին ներկաները ողջունելով արաբերէն լեզուով «ալ սալամ ալէքոմ – Խաղաղութիւն ձեր վրայ» խօսքով։

Ան ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց Մարոք գտնուելուն առթիւ, ու շնորհակալութիւն յայտնեց Թագաւորին հրաւէրին ու ջերմ ընդունելութեան համար։

Խթանել միջ կրօնական երկխօսութիւնը։

Սոյն ճամբորդութիւնը, ըսաւ Քահանայապետը, առիթ է ուրախութեան ու երախտագիտութեան, որովհետեւ ինծի թոյլ կու տայ բացայայտել ձեր երկրին, ժողովուրդին ու աւանդութիւններուն հարստութիւնները։ Երախտագիտութիւնը որ կը դառնայ կարեւոր հնարաւորութիւն խթանելու համար միջ կրօնական երկխօսութիւնը ու մեր երկու կրօններու հաւատացեալներուն փոխադարձ ճանաչողութիւնը, մինչ կը մտաբերենք 800 տարիներ առաջ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին ու Սուլթան Ալ Մալիքին միջեւ պատմական հանդիպումը, ըսաւ Սրբազան Պապը այդ հանդիպումը որակելով մարգարէական, եւ որ ցոյց կու տայ թէ հանդիպումի քաջութիւնը՝ խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան ուղի է՝ մարդկութեան համար, «այնտեղ ուր  ծայրայեղութիւնն ու ատելութիւնը բաժանումի եւ կործանումի գործօններ են», ըսաւ Սրբազան Պապը, յոյս յայտնելով որ իրարու հետ համագործակցութիւնը սատարէ բարեկամական կապերու ամրապնդման ի նպաստ, նաեւ յաջորդ սերունդներու ապագային։

Մարոքը նկատեց կամուրջ՝ ընդմէջ Ափրիկէի եւ Եւրոպայի 

Սրբազան Հայրը Մարոքը նկատեց կամուրջ՝ ընդմէջ Ափրիկէի եւ Եւրոպայի այս ծիրէն ներս վերահաստատելով հարկաւորութիւնը՝ միացնելու ուժերը՝ ի նպաստ աւելի զօրակից աշխարհի մը կառուցման, աշխարհ մը որուն ընկերութիւնը ըլլայ բաց, բազմակի եւ զօրակից, ուր  երկխօսութեան մշակոյթը ըլլայ ուղին, համագործակցութիւնը վարքագիծ, փոխադարձ ճանաչողութիւնը՝ չափանիշ եւ ապրելակերպ (Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթ - Ապու Տապի 4 փետրուար 2019)։

«Այս է ահա ճանապարհը որուն վրայ պէտք է ընթանանք» յարեց Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով որ հարկաւոր է առ այդ բոլոր հաւատացեալներու զօրակցութեան միջոցաւ դիմադրել ծայրայեղականութեան ու մոլեռանդութեան, որպէս գործելակերպի հիմք ունենալով միասնական արժէքները։

Իմամներու եւ քարոզիչներուն Մոհամմատ Զ կրթական կեդրոնը

Աս հեռանկարով է որ քիչ ետք պիտի այցելեմ Իմամներու եւ քարոզիչներուն Մոհամմատ Զ կրթական կեդրոնը, որուն նպատակն է պատշաճ ու առողջ կազմաւորում երաշխաւորել՝ ի դէմ բոլոր ծայրայեղութիւններու որոնք յաճախ կը տանին բռնութեան ու ահաբեկչութեան եւ ընդհանրապէս նախատինք են կրօնի ու Աստուծոյ նկատմամբ, ըսաւ Սրբազան Պապը, նշելով որ իսկական երկխօսութիւն մը՝ մեզ կը հրաւիրէ արժեւորելու կրօնի կարեւորութիւնը, կամուրջներ կառուցելու համար մարդոց միջեւ ու դիմագրաւուելու մեր դէմ կայացած մարտահրաւէրները։

Աստուած Հայր է բոլորին

«Մենք արդարեւ կը հաւատանք թէ Աստուած բոլոր մարդիկը ստեղծեց հաւասար իրաւունքով,  պարտականութիւններով եւ արժանապատուութեամբ, ու զանոնք կոչեց իրար հետ ապրելու որպէս եղբայրներ, ու տարածելու բարիի, սիրոյ ու ծառայութեան արժէքները» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտը դնելով նաեւ խղճի ու կրօնի ազատութիւնը խթանելու կարեւորութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նուիրուած միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցած էր Մարաքէշի մէջ 2016 թուականին ու գնահատանք յայտնեց որ այդ համագումարը  դատապարտած է կրօնի շահագործումը, ու հրաւէր ուղղած է շրջանցելու կրօնական փոքրամասնութեան ու քաղաքացիութեան հասկացողութիւնները ի նպաստ մարդ անհատի գաղափարին, որ պէտք է հանդիսանայ իրաւական կարգի կեդրոնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց նաեւ Ռապաթի մէջ 2012ին ստեղծուած Ալ Մուաֆաքա (համաձայնութիւն)  համամիութենական կեդրոնին, որուն նպատակն է խթանել համամիութիւնը ու նաեւ իսլամական մշակոյթին հետ երկխօսութիւնը։

Եկրխօսութիւն ի նպաստ բնապահպանութեան

«Անկեղծ երկխօսութիւնը որ կ՛ուզենք զարգացնել մեզ կը մղէ նաեւ ի միտ ունենալու աշխարհը որուն մէջ կ՛ապրինք՝ մեր հասարակաց տունը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով  կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած Մարոքի մէջ կայացած միջազգային COP 22 վեհաժողովինն, ու այս ծիրէն ներս շեշտելով դարձեալ բնապահպանական դարձի մը անհրաժեշտութիւնը։

Գաղթականութեան երեւոյթն ու հանդիպումի մշակոյթը

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց հուսկ գաղթականութեան հարցին ու տագնապին, որուն համար հարկաւոր նկատեց որոնել միջոցներ արմատախիլ ընելու անոր պատճառները որ բազմաթիւ անձեր ու ընտանիքներ կը ստիպեն հեռանալու իրենց երկիրներէն, «որոնք ապա յաճախ կը գտնուին կղզիացած եւ մերժուած» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ անցեալ դեկտեմբերին Մարոքի մէջ կայացած «Անվտանգ Գաղթականութեան» նուիրուած Միջ Կառավարական համագումարէն բխած  փաստաթուղթին, այդ մէկը նկատելով  «կարեւոր քայլ մը» որուն առընչութեամբ  սակայն «տակաւին շատ բան կայ ընելիք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,  ընդգծելով որ  հարկ է ըմբռնել որ գաղթականները թիւեր չեն այլ անհատներ։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնեց որ Մարոքը որ հիւրընկալած էր վերոնշեալ վեհաժողովը, շարունակէ ըլլալ մարդկայնութեան յենարան մը գաղթականներու եւ փախստականներու համար։

Գաղթականութեան երեւոյթին կարող չէ լուծում գտնել պատնէշներու եւ պատերու կառուցումով, ուրիշէն վախնալու զգացումի տարածումով ու օգնութեան մերժումով…իսկական խաղաղութեան մը ամրապնդումը արդարեւ կ՛անցնի ընկերային արդարութեան փնտռտուքէն, «որ անհրաժեշտ է ուղղելու համար տնտեսական անհաւասարակշռութիւնն ու քաղաքական անկարգութիւնները, որոնք միշտ ալ եղած են բախումներու ու համայն մարդկութեան սպառնալիքի գործօններ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու ճառին աւարտին նշեց թէ Քրիստոնեաները ուրախ են Մարոքի ընկերութեան ներքոյ իրենց վերապահուած տեղին համար եւ կ՛ուզեն իրենց սատարը բերել զօրակից եւ բարգաւաճ երկրի մը կառուցումին համար, ի սիրտ ունենալով ժողովուրդին հասարակաց բարիքը։

Քրիստոնեաներուն յանձնառումը

«Ասոր համար մինչ գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ, կը քաջալերեմ քրիստոնեաները ըլլալու մարդկային եղբայրութեան ծառաներ, խթանողներ ու պաշտպաններ», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը աւարտեց ըսելով.  «Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն ջերմ ընդունելութեան համար, Ամենազօրը, գթասիրտն ու ողորմածը ձեզ պաշտպանէ ու օրհնէ Մարոքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 15:38