Ջուրի Միջազգային օր Ջուրի Միջազգային օր 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ջուրի Միջազգային օրուան առթիւ։

Յանձնառու ըլլանք պարզ ու թանկարժէք տարր՝ ջուրը հասանելի դարձնելու բոլորին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ Մարտ 22-ին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած Ջուրի միջազգային օրը, որուն այս տարուայ կարգախօսէն է.«Ոչ մէկը թեղուլ մեր ետին» եւ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէն՝ Կրացիանօ Տա Սիլվային ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ նշեց որ «Ջուրը էական բարիք է բնութեան համակարգին եւ մարդկային գոյատեւման հաւասարակշռութեան համար, եւ թէ անհրաժեշտ է զայն կառավարել եւ հոգ տանիլ անոր»։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը ակնարկեց ապա այս օրերուն աշխարհի մէջ ջուրի պակասին ու աղբիւրներու բացակայութեան, որուն պատճառաւ բազմաթիւ անձեր կը տառապին, հաստատելով որ «ոչ մէկը ետին թողուլ» կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ վերջ դնելու այդ անարդարութեան։

«Այս բարիքի մատչելիութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունքն է, որը պէտք է յարգուի, քանի որ ժողովրդի կեանքը եւ արժանապատուութիւնը վտանգուած են (Laudato si, 30)»  գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ, հրաւիրելով այդ ուղղութեամբ ի գործ դնել համատեղ աշխատանք մը արմատախիլ ընելու այդ չարիքը

«Ոչ մէկը թողուլ մեր ետին» կը նշանակէ նաեւ ճանչնաել կարիքները անոնց արձագանքել գործնական գետնի վրայ, ոչ միայն ջրային կառոյցներու պահպանման կամ բարելաւման ուղիով , այլեւ ներդրումներ կատարելով ապագայի համար ու այս առընչութեամբ նոր սերունդները կրթելով ջուրի լաւ օգտագործման եւ անոր խնամք տանելու ուղղութեամբ։

Նոր սերունդները արդարեւ կոչուած են , մոլորակի բոլոր բնակիչներու հետ միասին, գնահատելու եւ պաշտպանելու այդ բարիքը: «Կրթական այդ  մարտահրաւէրը կարող է ստեղծել այդ բարիքի նկատմամբ նոր  տեսլական մը,  աճեցնելով այդ կենսամիջոցը գնահատող եւ սիրող նոր սերունդներ» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան զարգացնելու ջրամբարային նոր ծրագիրներու հայող երկարատեւ ֆինանսաւորումներ, խուսափելով ջուրը պարզ «վաճառքի ապրանք» համարելու տեսութենէն։

Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ նկատելով ապա համապատասխանել ջուրի կարօտը ունեցող ժողովուրդներուն ճիչին, պատգամը աւարտեց Տիրոջմէ հայցելով որ Ջուրի համաշխարհային օրուան առթիւ  նախատեսուած ձեռնարկները նպաստեն անոնց որոնք կը տառապին ջուրի անբաւարարութենէն, ու մէջբերեց Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խօսքերը  «ջուրը, որ շատ օգտակար է եւ խոնարհ, թանկ եւ մաքուր», կը ծառայէ կերակուրի եւ օգուտ է պահպանելու մեզ եւ  ապագայ սերունդները։

Տուեալ ի Վատիկան, 22 մարտ, 2019

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2019, 12:14