Ֆրանչիսկոս Պապ Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրեց եւ Տիրամօր յանձնեց երիտասարդներուն նուիրուած յետ սիւնհսդոսական յորդորագիրը

Լորէթոյի Սրբավայրը Տուն է երիտասարդներուն, ընտանիքներուն եւ հիւանդներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լորէթօ կատարած միօրեայ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Լորէթոյի Սուրբ Տան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Սրբավայրի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր  ուխտաւոր հաւատացեալներուն ուղղեց ուխտագնացութեան առթիւ իր պատգամը, որուն մէջ մեկնելով Գաբրիէլ հրեշտակապետին Սուրբ Կոյս Մարիամին ուղղած խօսքերէն «Ուրախացիր Մարիամ, լի շնորհքով»,  մատնանշեց սրբավայրին մէջ պահպանուած Սուրբ Կոյս Մարիամի բնակարանին, ուր՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, Մարիամ արտասանեց իր այոն դառնալով  Յիսուսին Մայրը։

Ունկնդրէ լուրը

Լորէթոյի Տունը ուխտագնացութեան վայր

«Մարիամին այս տունը տարիներու ընթացքին դարձաւ ուխտագնացութեան վայր, ուր բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնց շարքին եմ ես,  հաւաքով ու ջերմեռանդութեամբ, կու գան այստեղ աղօթելու» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան ու Լորէթոյի մէջ ծառայութիւն մատուցող բոլոր կղերական դասին եւ ուխտաւորներուն ու  յատկապէս երիտասարդներուն, ընտանիքներուն ու հիւանդներուն, «որոնք այստեղ եկած են ընկալելու ուժ եւ յոյս», ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ Սուրբ Տունը՝ տունն է երիտասարդներուն, ընտանիքներուն եւ հիւանդներուն։

Կոչումի երեք հանգրուանները

Տունն է երիտասարդներուն, որովհետեւ Սուրբ Կոյսը, կը շարունակէ խօսիլ նոր սերունդներուն, անոնց ընկերանալով իրենց կոչման փնտռտուքին մէջ։ Ասոր համար է որ ուզեցի երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի առաքելական յորդորագիրը ստորագրել այստեղ։ Անոր խորագիրն է «Քրիստոս կ՛ապրի», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ մատնանշեց Աւետման դէպքի կոչումի երեք պահերուն, որոնք յատկանշեցին նաեւ սիւնհոդոսը. Աստուծոյ խօսքին ու ծրագիրին ունկնդրութիւն, զատորոշում ապա որոշում։

«Առաջին պահը ունկնդրութեան պահն է» ըսաւ Քահանայապետը։ Կոչը՝ հաւատքի եւ քրիստոնէական կեանքի ուղեւորութեան կամ յատուկ անձնուիրումի։ Հարկաւոր է պատրաստ ըլլալ ունկնդրելու եւ ընկալելու Աստուծոյ ձայնը, որ կարելի չէ լսել աղմուկի եւ իրարանցումին ներքոյ, այլ հարկ է ներթափանցել մեր սրտին խորքը, կապ հաստատելու համար Աստուծոյ կամքին հետ, ինչպէս ըրաւ Մարիամ» յորդորեց Քահանայապետը ու անդրադարձաւ երկրորդ կէտին՝ զատորոշումը։

«Մարիամ Հրեշտակին հարց կու տայ. «Ի՞նչպէս պիտի պատահի այդ մէկը», այս հարցումը հաւատքի պակաս չէ, այլ իղձ է՝ բացայայտելու Աստուծոյ իրեն վերապահած անակնկալը» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «այդ վարուելակերպը աշակերտի վարուելակերպն է»։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա երրորդ կէտին՝ որոշումին, Մարիամի Այոյին՝ Աստուծոյ փրկարար ծրագրին։ Մարիամը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ամէն մէկ կոչումի տիպարն է ու ամէն մէկ երիտասարդական հովութեան ծառայութեան ներշնչում։ Երիտասարդները որ փնտռտուքի մէջ են ու իրենց ապագայի մասին հարցեր կու տան, Մարիամին մէջ կարող են գտնել իրենց առաջնորդը՝ զատորոշելու ու հասկնալու համար Աստուծոյ ծրագիրը եւ այնտեղ կը գտնեն ուժը՝ համապատասխանելու կոչումին։

Տուն երիտասարդներուն

«Լորէթոյին կը մտածեմ որպէս առանձնաշնորհեալ վայր՝ ուր երիտասարդները կարող են գալ փնտռելու իրենց կոչումը, Մարիամի դպրոցին մօտ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ այս ուղղութեամբ յոյս յայտնեց վերարժեւորելու «Յովհաննէս Պօղոս Բ»ի անուամբ կեդրոնը՝ ի ծառայութիւն Եկեղեցւոյ, որպէս վայր՝ ուր երիտասարդներն ու անոցն դաստիարակները իրենք զիրենք զգան հիւրընկալուած, առաջնորդուած եւ օգնութիւն ընդունին զատորոշելու համար իրենց կեանքի կոչումը։

Քահանայապետը ապա Լորեթոյի Սրբավայրին մէջ ծառայող Քափուչին միաբանութեան եղբայրներէն խնդրեց որ աւելիով երկարեն Սրբավայրի Եկեղեցւոյ դռներու բացման ժամանակը, մինչեւ ուշ գիշեր, առիթ ընծայելու երիտասարդներուն որ այնտեղ ամփոփուին աղօթքի մէջ։

«Լորէթոյի սրբավայրը ապա կարող է դառնալ երիտասարդներու  եւ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքի վայրի մը առաջրկը» յարեց Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ շեշտը դնելով հովուական ծառայութեան ծիրէն ներս բարեփոխումներ ներմուծելու հարկաւորութեան վրայ։

Տուն ընտանիքներուն

«Մարիամի Տունը ապա տունն է ընտանիքներուն» հաստատեց Ֆրանչիկսոս  Պապ շեշտելով ընտանեկան կառոյցի իրականութիւնը որ հիմնուած է մարդու ու կնոջ միջեւ ամուսնութեան վրայ։

Մարիամ՝ Նազարէթի իր այդ տան մէջ ապրեցաւ ընտանեկան բազմազան յարաբերութիւններ՝ որպէս զաւակ, որպէս նշանած, որպէս հարս եւ որպէս մայր եւ ասոր համար ամէն մէկ ընտանիք այնտեղ կը գտնէ հիւրընկալութիւն եւ ներշնչում՝ ապրելու համար իր ինքնութիւնը։

Տուն հիւանդներուն

Մարիամին Տունը ապա տունն է հիւանդներուն։ Այնտեղ՝ մարմնով եւ հոգիով հիւանդները կը գտնեն հիւրընկալութիւն ու Մայրը բոլորին կը պարգեւէ Տիրոջ ողորմութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ զգուշանցելով «մնացորդացի մշակոյթէն»։

Հիւանդները պէտք է ընկալուին ընտանիքներուն մէջ, որովհետեւ տունն ու ընտանիքը հիւանդին առաջին խնամքն են, իրենց սիրով, թիկունքով, քաջալերանքով ու խնամատարութեամբ։ «Ահա թէ ինչու Սուրբ Տունը խորհրդանիշն է ամէն մէկ հիւրընկալ տունի ու սրբավայր է հիւանդներուն, որոնց տառապանքը կարող է դառնալ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալստեան վճռական համագործակցութիւն» նկատել տուաւ Նորին Սրբութիւնը։

 Խաղաղութեան եւ կեանքի Աւետարանը տանիլ ժամանակակից անհատներուն

Ճառին աւարտին Ան նշեց թէ Աստուած՝ բոլոր անոնց որոնք այս սրբավայրին հետ կապ ունին, Մարիամի միջոցաւ առաքելութիւն մը կը յանձնէ, այն է խաղաղութեան եւ կեանքի Աւետարանը տանիլ ժամանակակից անհատներուն, որոնք յաճախ ցրուած են ու մտահոգ երկրային հարցերով ու մխրճուած հոգեւոր երաշտի մէջ։ Կարիքը կայ պարզ ու իմաստուն անձերու, հլու եւ քաջ- աղքատ ու վեհանձն անձերու, անձերու որոնք Մարիամի դպրոցէն կ՛ընկալեն Աւետարանը իրենց կեանքին ներքոյ, որպէսզի Աստուծոյ Ժողովուրդի սրբութեան միջոցաւ այս վայրէն շարունակուին տարածուիլ սրբութեան վկայութիւնները, նորոգելու համար Եկեղեցին ու Աստուծոյ Թագաւորութեան թթխմորով ոգեւորելու ընկերութիւնը։

Քալել խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ճանապարհին վրայ

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ մեզի բոլորիս ու յատկապէս երիտասարդներուն, քալելու համար խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ճանապարհին վրայէն, որ հիմնուած ըլլայ  հիւրընկալութեան, ներումի, ուրիշի ընկալումին, սիրոյ եւ անձնուիրումին վրայ։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ապա բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2019, 11:22