Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալիոյ «Հաշուապահական վերահսկիչ դատարանի» անձնակազմին հետ։

« Ընկերութիւնը, իր ամբողջութեամբ, հրաւիրուած է պայքար մղելու կաշառակերութեան ախտին դէմ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 մարտ 2019-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց իտալիոյ «Corte dei conti  - Հաշիւներու վերահսկիչ դատարանի» անձնակազմի 1000 անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Իտալիոյ հանրապետութեան այս հաստատութիւնը կը մարմնաւորէ բարոյականութիւն մը որ կը նոյնանայ Պետութեան ընթացքի բարոյականութեան հետ այն է «խթանել ու խնամք տանիլ ընկերութեան հասարակաց բարիքին»  ըսաւ Սրբազան Պապը այս առթիւ արտասանած ճառին սկիզբը մատնանշելով դատարանի գործունէութեան ու յատկապէս քաղաքացիներուն ի նպաստ անոր տարած աշխատանքին ու այս ծիրէն ներս հաստատելով որ «Պետութիւնը կանչուած է ըլլալու մարդու բնական իրաւունքներու պաշտպանը» ու թէ  մարդ անհատի բարիքը պէտք է հանդիսանայ ամէն մէկ պետութեան հիմնական չափանիշը»։

 Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա հաշուապահական վերաքննիչ դատաւորին յատկութիւններուն՝ ըլլայ արհեստավարժութեան ըլլայ անձնական ուղղամիտ խիղճ ունենալու եւ արդար դատողութեան ծիրէն ներս ինչպէս նաեւ անոր իշխանութիւններու ու հասարակութեան ի նպաստ վեհանձն յանձնառութեան։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց քաղաքական աշխարհէն ներս այսօր տարածուն այն փորձութեան՝ հասարակական բարիքները մատակարարելու «յաճախորդական» նպատակներով, այս ուղղութեամբ առաջարկելով «առողջ քաղաքականութեան մը խթանումը, որուն հեռանկարով Հաշուապահական դատաւորի դերակատարութիւնը կը ստանձնէ աւելի մեծ կարեւորութիւն, յատկապէս կաշառակերութեան դէմ մղուած պայքարի ծիրէն ներս. Վէրք մը որ կը յօշոտէ ընկերութիւնը անոր պատճառելով ծանր վնասներ՝ ըլլայ բարոյական, ըլլայ տնտեսական գետնի վրայ։

«Կաշառակերութիւնը ապա կը նուաստացնէ անհատի արժանապատուութիւնը ու կը կործանէ բարի եւ գեղեցիկ իտէալները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ « Ընկերութիւնը, իր ամբողջականութեամբ, հրաւիրուած է պայքար մղելու կաշառակերութեան ախտին դէմ» ու «Հաշուապահական վերահսկիչ դատարանը» այս ուղղութեամբ կը ներկայացնէ  վաւեր միջոց ու գործիք՝ կանխարգիլելու անօրինութիւնն ու չարաշահումները» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ հասարակաց բարիքները բոլորին ի նպաստ տրամադրուած  կենսամիջոցներ են, որոնք պէտք է պաշտպանուին, ու թէ այս կենսամիջոցներուն անարդար ու անպատասխանատու մատակարարումին դիմաց, Պետութիւնը կանչուած է հսկիչի իր դերը կատարելու, պատշաճ կերպով պատժելով անօրինութեան արարքները։

Խօսքին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց գործը, այն գիտակցութեամբ թէ այդ մէկը ծառայութիւն է, ու նպատակ ունի է ընկերութեան մէջ խթանել օրինութեան մշակոյթը։ Ան ապա բոլոր ներկաները հրաւիրեց այս քառասնորդաց շրջանը ապրելու իրենց խոր հայեացքը ուղղելով Քրիստոսին՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան Վարդապետն ու Վկան։

Յիսուս Քրիստոս մեզ կը կոչէ դիմագրաւելու չարը ու երթալու դէպի հարցերուն խորքը, վճռակամութեան մղելով մեր պայքարը ու հակազդելով բոլոր այն ճնշումներուն զոր աշխարհը չի դադրիր բանեցնելէ – յարեց Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաները յանձնելով  «արդար մարդ»՝ Սուրբ  Յովսէփին ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները,  ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2019, 13:00