Որոնել

Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւնը Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութիւնը 

Վերջ գտաւ Հռոմի Քուրիայի Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը։

Անցեալ 10 մարտէն սկիզբ առած Հռոմի Քուրիայի վերապահուած քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութեան մասնակցած էր նեաւ Ֆրանչիսկոս ՊԱպը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 15 մարտ 2019-ի առաւօտեան, վերջ գտաւ Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչայ գիւղաքաղաքի «Աստուածային Վարդապետ» կեդրոնին մէջ անցեալ 10 մարտէն սկիզբ առած Հռոմի Քուրիայի վերապահուած քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւնը որուն իր մասնակցութիւնը  բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Ունկնդրէ լուրը

Ինչպէս հոգեւոր կրթութեան միւս օրերը՝ այսօր եւս առաւօտեան 7.30-ին տեղի ունեցաւ համապատարագ որուն ապա յաջորդեց նախաճաշը ու Հոգեւոր Կրթութեան վերջին մտածականի նիստը։ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն էր Ֆիրեցնէ քաղաքի Սուրբ Մինաս Վանքի աբբահայրը՝ Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Մարիա Ճաննին, որ որպէս խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած էր իտալացի քրիստոնեայ քաղաքական գործիչ, ուսումնասէր, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան  աշխարհական կարգի անդամ, խաղաղութիւն կառուցող ու բարեպաշտ  բանաստեղծ՝  Ճորճօ Լա Փիրայի բանաստեղծութիւններէն քաղուած հետեւեալ նիւթը  «Ջերմ ցանկութիւններու քաղաքը. Աշխարհիկ կեանքին մէջ զատկուայ հայեացքներու եւ ժեստերու ի նպաստ»։

Հոգեւոր կրթութեան վերջին մտածականի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հռոմի Քուրիայի անդամ իր համագործակիցները վերադարձ կատարեցին Վատիկան ու նախ քան Աստուածային Վարդապետ կեդրոնէն հրաժեշտ առնելը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Հայր Ճաննիին,  երախտապարտութիւն յայտնելով անոր ներկայացուցած խորհրդածութիւններուն համար «որոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը,  մեզի օգնեցին աւելի կաւ հասկնալու թէ Աստուած կ՛ուզէ մուտք գործել մարդկային կեանքին մէջ ու միշտ ներկայ է մեր միջեւ ու մեր մօտ»։

«Շնորհակալ եմ որ մեզի խօսեցար յիշողութեան մասին, յոյսի մասին, համբերութեան մասին մեզի ցոյց տալով ճանապարհը որ կը տանի դէպի ապագայ»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ Հայր Ճաննիի շօշափած զանազան նիւթերուն,  ապա յանուն բոլոր ներկաներուն նորոգեց իր շնորհակալութիւնները ու խօսքը աւարտեց Հայր Ճաննիէն խնդրելով որ ողջունէ նաեւ իր եղբայրակիցները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2019, 10:49