Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին ընդունեց «Երիտասարդական զբօսաշրջութեան  կենտրոնի» անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին ընդունեց «Երիտասարդական զբօսաշրջութեան կենտրոնի» անդամները  

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Երիտասարդական զբօսաշրջութեան կենտրոնի» անդամներուն։

«Կաթողիկէ ըլլալ չի նշանակեր փակուիլ ինքնիր մէջ, այլ բաց ըլլալ աշխարհին ու ցանկութիւն ունենալ հանդիպելու ուրիշներուն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 22 մարտ 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց «Երիտասարդական զբօսաշրջութեան  կենտրոն» ընկերակցութեան  վարչական մարմնի եւ անդամներուն, ընկերակցութեան հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ նշեց թէ ինչպէս  «Երիտասարդական զբօսաշրջութեան  կենտրոնը» ծնունդ առաւ 70 տարիներ առաջ, շնորհիւ Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական բանուորական շարժումի անդամ մի քանի երիտասարդներուն,  որոնք զայն յղացան որպէս միջոց՝ բաժնեկցութեան ու մարդկային համապարփակ զարգացումի ներշնչումով, ընկերային կապերու ամրապնդումին, միասնաբար մշակելով երազ մը՝ այն է բարեփոխել ընկերային միջավայրը։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ «մարդկային համապարփակ զարգացումի» տեսութեան վրայ, որ՝ ըսաւ Քահանայապետը, պէտք է ըլլայ ապրուած իրականութիւն մը, ուր աչքերը բացուած են աշխարհի վրայ, ձեռքերը կապուած այլ ձեռքերու, սիրտը զգայուն եղբայրներու  տկարութեան։ «Այս նպատակներով է որ ձեր ընկերակցութիւնը կը խթանէ զբօսաշրջութիւնը, որ ներշնչուած չէ սպառողութեան ու փորձառութիւններ դիզելու ցանկութենէն, այլ կարող է նպաստել մարդոց միջեւ հանդիպումին ու աճեցնել իրար փոխադարձ ճանաչողութիւնն ու յարգանքը»։

«Եթէ այցելենք քաղաք մը բաւարար չէ ճանչնալ այդ քաղաքին հնագիտական կայքերը այլ պէտք է նաեւ ծանօթանալ այդ քաղաքի պատմութեան ետին գտնուողներուն…եթէ բարձրանամ լեր մը պէտք է յարգեմ բնութեան գեղեցկութիւնը ու անոր հետ ստեղծեմ նաեւ ճանաչողութեան ու արժեւորումի կապեր» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, ու գնահատեց ընկերակցութեան գործունէութիւնը, զայն համարելով «դանդաղ զբօսաշրջութիւն» մը, որ կը հակազդէ զանգուածային զբօսաշրջութիւնը, որովհետեւ կը խթանէ որակ ու փորձառութիւն, զօրակցութիւնն ու կայունութիւն։

Մեկնելով ապա ընկերակցութեան «տիպարը» հանդիսացող «կրիա»էն, Սրբազան Պապը մաղթանք յայտնեց որ ներկաները միշտ բաց ու ընդարձակ պահեն իրենց հորիզոնները ու միջավայրերը ապրին կրիայի հսկող դանդաղութեամբ։ Ան ապա ակնարկեց երիտասարդներու խանդավառութեան, մատնանշելով նաեւ այն երիտասարդներուն որոնք փոխան ապագան կառուցելու իղձին, կ՛ապրին յուսալքուած կեանք մը, եւ ունկնդրութեան մասնակցող երիտասարդները խրախուսեց թիկունք կանգնելու այդ իրենց հասակակիցներուն, օգնելու զանոնք որպէսզի անոնց մէջ եւս ծաղկի խանդավառութիւնը, ու թելադրեց այդ մէկը կատարել ժամանցի ու ազատ ժամերու ընթացքին, ստեղծելով բարեկամութեան կապեր, որոնք կարող ըլլան փոխանցելու իսկական արժէքներն ու հաւատքը։

Սրբազան Պապը ապահովեցնելով ապա թէ եկեղեցին անոնց կը նայի երախտագիտութեամբ եւ յոյսով, հրաւիրեց զանոնք հպարտութեամբ դաւանելու իրենց հաւատքն ու կաթողիկէութիւնը, նշելով որ կաթողիկէ ըլլալ չի նշանակեր փակուիլ ինքնիր մէջ, այլ բաց ըլլալ աշխարհին ու ցանկութիւն ունենալ հանդիպելու ուրիշներուն, ապրելով բոլորին բարիքին համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հրաւիրեց պահպանել ընկերակցութեան հիմնադիր Հայր Քարլօ Քարրեթոյի թողած հոգեւոր ժառանգութիւնն ու օրինակը ամէն բան ապրելով աղօթքի մէջ, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2019, 11:30