Ապաշխարութեան արարողութիւն Ապաշխարութեան արարողութիւն 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը գլխաւորէ ապաշխարութեան կարգի արարողութիւնը։

Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ գլխաւորած արարողութեամբ Քահանայապետը սկիզբ կը տրուի ''24 ժամ Տիրոջ համար'' աղօթքի եւ խորհրդածութեան ձեռնարկին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 29 Մարտ 2019-ի երեկոյեան 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ ապաշխարութեան կարգը ` որով սկիզբ կը տրուի նաեւ  ''24 ժամ Տիրոջ համար'' աղօթքի եւ խորհրդածութեան ձեռնարկին, որ կազմակերպուած է Նոր Աւետարանութեան Խթանման քահանայապետական խորհուրդի կողմէ, որպէս բնաբան ունենալով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած «Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր» (Յովհ. 8, 11)  Յիսուսին մեղաւոր կնոջ ուղղուած խօսքը։

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ չորեքշաբթի՝ 27 մարտ 2019-ին, Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին,  յիշեցնելով որ  «յառաջիկայ ուրբաթ եւ շաբաթ օր» տեղի պիտի ունենայ  աւանդութիւն դարձած «24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը, հրաւէր ուղղած էր այս առթիւ մինչեւ ուշ ժամանակ բաց պահելու եկեղեցիներուն դռները «հայցելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ընկալելու ներումի Խորհուրդը» ըսած էր Ան։

24 ժամ Տիրոջ համար ձեռնարկը ծնունդ առած է վեց տարիներ առաջ Հռոմի մէջ, ապա արագօրէն տարածուեցաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու մէջ, որպէս առիթ աղօթքի, պաշտամունքի եւ խոստովանանքի։

Յիշեալ նախաձեռնութիւնը միշտ աւելի խոր կը թափանցէ Եկեղեցւոյ սրտէն ներս, վերածուելով Քառասնորդացի որպէս կարեւոր մէկ մաս։

Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Ապաշխարութեան Արարողութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումը։ Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Սրբազան Քահանայապետը անձամբ պիտի մատակարարէ խոստովանանքի խորհուրդը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2019, 09:00