Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը Փատովայի «Պարպարիկօ» վարժարանի աշակերտներուն հետ։

«Երիտասարդութիւնը դժուարութեան դիմաց աչքերը փակել չէ, իրականութենէն փախուստ չէ, այլ զօրակցութեան յանձնառում է՝ ի նպաստ բոլորին ու յատկապէս տկարներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 մարտ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Փատովա քաղաքէն ժամանած Կրէկորիօ Պարպարիկօ վարժարանի աշակերտութեան ու ուսուցչական կազմին։

Վերոնշեալ Կաթողիկէ Վարժարանը  ծնունդ առած է 1919-ին ու կը կրէ Փատովայի երբեմնի եպիսկոպոս՝ Սուրբ Կրէկորիօ Պարպարիկոյի անունը եւ կը պատկանի Փատովայի Եկեղեցական թեմին։ 

Ունկնդրէ լուրը

Ունկնդրութեան ընթացքին վարժարանի երեք աշակերտներ հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին, հայող՝  առաջնորդներ ունենալու կարեւորութեան, հաւատքի նկատմամբ տարակոյսներուն ու դժուարութիւններուն, ու անոնց պատասխան գտնելու հարկաւորութեան եւ ի վերջոյ ընտրանքներ կատարելու ու ապագային պատասխանատուութեամբ պատրաստուելու դժուարութեան։  

Պատասխանելով վերոնշեալ հարցումներուն Սրբազան Պապը նախ նշեց թէ «երիտասարդները իրենց հայեցակէտը պէտք է գտնեն իրենք իրենց մէջ, իրենց երիտասարդական սլացքին մէջ, երիտասարդներուն յատուկ խանդավառութեան մէջ»։

«Երիտասարդութիւնը կրաւորականութիւն չէ, այլ կամապաշտ ջանք է հասնելու համար կարեւոր նպատակներու, նոյնիսկ եթէ սուղ կը վճարէք անոր գինը։ Հարկաւոր է վտանգել կեանքը» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ «Երիտասարդութիւնը դժուարութեան դիմաց աչքերը փակել չէ, այլ փոխզիջումներն ու միջակութիւնը մերժել է, Ան փախուստ չէ՝ այլ զօրակցութեան յանձնառում է ի նպաստ բոլորին ու յատկապէս տկարներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտը դնելով այս ուղղութեամբ կազմաւորումի կարեւորութեան վրայ ու դաստիարակներու եւ ծնողներու «առաջնորդի» դերի կարեւորութեան վրայ։

«Եթէ դուն կ՛ուզես արագ հասնիլ քալէ առանձին, իսկ եթէ կ՛ուզես ապահով հասնիլ քալէ հասարակութեան հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով երիտասարդները երկխօսութիւն հաստատելու իրենց շուրջ գտնուող չափահասներուն հետ, ու յատկապէս իրենց մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն հետ, կառչած մնալու համար իրենց արմատներուն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ պատասխանելով հուսկ հաւատքին հայող հարցումին նախ գնահատեց «Պարպարիկօ» վարժարանի գործունէութիւնը ու յատկապէս այդ վարժարանէն ներս դաստիարակչական ու կազմաւորումի գործընթացը. որոնց ընդմէջէն կը դիմագրաւուին կեանքի իմաստին հայող հարցեր, մեծ հեղինակներու մշակոյթն ու կեանքը համեմատելով՝ մեր ճշմարտութեան, բարիի ու արդարութեան փնտռտուքի հետ» ըսաւ Ան, շեշտը դնելով համեմատութեան ու բաղդատութեան կարեւորութեան վրայ եւ այս ուղղութեամբ  զգուշացնելով «անտարբերութեան» մշակոյթէն, ու հրաւիրելով համեմատութիւններ կատարել առօրեայի ապրուած իրականութեան հետ՝ անօթութիւն, աղքատութիւն, թշուառութիւն։

«Քանի մանուկներ այսօր կը մահանան կերակուրի եւ ջուրի պակասէն» հարց տուաւ Սրբազան Պապը պարտականութիւն տալով ներկաներուն այս հարցումին պատասխանը փնտռելու, հուսկ նշեց թէ մարդը կ՛ապրի երեք «լեզուներով»  մտքի, սրտի ու ձեռքի ոճով, միտքը հարցումներ կը յառաջացնէ, սիրտը զանոնք կը վերլուծէ ու ձեռքերը ի գործ կը դնեն այդ հարցադրանքներուն լուծումը»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա իր մանկութեան յիշատակներուն ու յատկապէս պատանեկութեան ընթացքին ամառուայ երեք ամիսներու շրջանին մէկ գործարանի մէջ աշխատանքին, որ ըսաւ Սրբազան Պապը ինծի համար եղաւ կարեւոր կազմաւորումի շրջան, ու նոյնը պատահեցաւ նաեւ երբ 19 տարեկանին յաճախեց քիմիական հետազօտական կեդրոն մը, ուսմունքները շարունակելու համար։ «Աշխատանքը կարեւոր է» ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկելով երրորդ հարցումին՝ այն է յանգիլ կարեւոր որոշումներու, դիմագրաւելու համար կեանքի մարտահրաւէրները,  հաստատեց թէ «առաջին խրատը որ կարող եմ տալ աղօթելն է»։  «Ոչ թէ թութակի նման, այլ երկխօսութիւն հաստատելով Տիրոջ հետ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ «Աստուած երիտասարդներուն կը յանձնէ վճռական պարտականութիւն մը՝ դիմագրաւել մեր ժամանակներու մարտահրաւէրները, որոնք թէեւ նիւթական մարտահրաւէր են, սակայն եւ ամենէ առաջ կը հային մարդուն տեսութեան» ըսան Ան։

Ձեր ապագային գործն ու յանձնառումը ըլլալու է ծառայութիւն ընկերութեան, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը, թելադրելով վտանգել կեանքը, արկածախնդիր ըլլալ, կեանքին մէջ կարեւոր ընտրանքներ կատարել, որոնք միշտ ձգտին ուրիշներու ծառայութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց նաեւ ապրիլ առանձնութեան պահեր, խորհելու համար կեանքի իմաստի ու անոր նպատակներու մասին։ Երիտասարդները պէտք է ըլլան հետաքրքիր ու խանդավառ, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, քննադատելով «թոռմած» կեանք ապրող երիտասարդները, հուսկ ներկաները քաջալերեց չի վհատելու այլ առանց վախի յառաջ ընթանալու միացած, միացած ընտանիքին, դպրոցին, բարեկամներուն հետ, աղօթելով, վտանգելով իրենց կեանքը։

Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւնը աւարտեց  բոլոր ներկաները հրաւիրելով միասին աղօթելու «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը, հուսկ բոլորին շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2019, 12:51