Որոնել

Պիոս ԺԲ Գահակալութիւնը (Մարտ 1939) Պիոս ԺԲ Գահակալութիւնը (Մարտ 1939) 

Քահանայապետը որոշեց բանալ Պիոս ԺԲ Քահանայապետութեան գաղտնի արխիւները։

«Եկեղեցին վախ չունի պատմութենէն, ընդհակառակը զայն կը սիրէ եւ կ՛ուզէ զայն սիրել աւելիով, այնպէս ինչպէս կը սիրէ զԱստուած» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 4 մարտ 2019-ին, Վատիկանի Գաղտնի Արխիւներու անձնակազմին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ որոշում առած է յառաջիկայ 2 մարտ 2020 բանալու Պիոս ԺԲ Քահանայապետի Քահանայապետութեան շրջանի գաղտնի բոլոր արխիւները՝ երջանկայիշատակ Քահանայապետի ընտրութեան 80 ամեակին յիշատակութենէն՝ (2 մարտ 2019) ճիշդ մէկ տարի ետք։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այդ որոշումը առած է անդորր սրտով ու վստահութեամբ թէ պատմական առարկայական հետազօտութիւնը՝ իր ուղամիտ լոյսին ներքոյ,  պիտի գիտնայ գնահատել այդ Քահանայապետութեան բոլոր անցուդարձները,  ներառեալ ապրուած դժուար պահերն ու որոշումները։
«Եկեղեցին վախ չունի պատմութենէն, ընդհակառակը զայն կը սիրէ եւ կ՛ուզէ զայն սիրել աւելիով, այնպէս ինչպէս կը սիրէ զԱստուած» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը։

Նախ քան յայտարարութիւնը ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց անոնց խոնարհ հետազօտական աշխատանքը ակնարկելով իր նախորդին՝ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին որոշումով 2006-ին սկիզբ առած Պիոս ԺԲ Քահանայապետութեան արխիւներու կազմակերպումի աշխատանքին, որոնցմէ մաս մը արդեն տրամադրուած էր խորհրդատուութեան՝  ըլլայ Պօղոս Զ օրով ըլլայ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով։

Ֆրանչիսկոս Պապ արխիւներու մէջ գործող անձերուն աշխատանքը նմանեցուց հսկայական ծառի մը մշակմանը որուն ճիւղերը տարածուած են դէպի երկինք մինչ արմատները խարսխուած հողին մէջ։

«Դուք արխիւիստներ՝ ձեր համբերատար աշխատանքով կ՛աշխատիք այդ արմատներուն վրայ ու կը սատարէք զանոնք կենսունակ պահելու, այնպէս որ նոյնիսկ ամենականաջ ու ամենաերիտասարդ ճիւղեը եւս կարողանան սնունդ ստանալ իրենց աճումին համար – ըսաւ ապա Սրբազան Պապը որ Ճառին աւարտին դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն մաղթեց որ՝ անոնք շարունակեն Փաչելլի Քահանայապետի մասին  իրենց հետազօտական աշխատանքները, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները ու խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2019, 13:00