Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«24 ժամ Տիրոջ համար». Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը։

Ապաշխարութեան արարողութիւնը նախատեսուած է Ուրբաթ ժամը 5-ին Վատիկանեան Պազիլիքային մէջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 27 մարտ 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած հրապարակային ընդհանուր անունկնդրութեան աւարտին զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները յիշեցուց թէ ամէն տարուայ նման՝ «յառաջիկայ ուրբաթ եւ շաբաթ օր, պիտի հանդիպինք աւանդական ձեռնարկ դարձած  «24 ժամ Տիրոջ համար» առիթով։

Ուրբաթ ժամը 5-ին Վատիկանեան  Պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորեմ ապաշխարութեան արարողութիւնը։ Նշանակալից պիտի ըլլար եթէ նաեւ մեր եկեղեցիները, այս յատուկ առիթով, բաց մնային երկար ժամանակ, հայցելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ընկալելու ներումի Խորհուրդը» ըսաւ Քահանայապետը հուսկ ողջունեց երիտասարդները, տարեցները, հիւանդներն ու նորապսակները, մաղթելով որ «Սուրբ Պետրոսի դամբանին անոնց կատարած  այցելութիւնը ըլլայ առիթ՝ աճելու համար Աստուծոյ սիրոյ մէջ ու թոյլ տալու կերպարանափոխուիլ աստուածային շնորհքէն,  որ աւելի հզօր է քան որեւէ մեղք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2019, 10:31