Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիկսոս Պապի ինքնագիր նամակը հայող «կրօնաւորներու հասարակական կեանքին»։

Նոր օրէնսդրութիւնը ի զօրու կը դառնայ յառաջիկայ 10 ապրիլ 2019 սկսեալ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 26 Մարտ 2019-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ինքնագիր առաքելական նամակը որով փոփոխութիւններ կը ներմուծուին «կրօնաւորներու հասարակական կեանքին» հայող կանոնական օրէնքներուն մէջ ու յատկապէս այն կրօնաւորներուն որոնք կը հեռանան վանքէն ու հասարակութիւնէն առանց մեծաւորներու հրամանին։

Ունկնդրէ լուրը

Ինքնագիր նամակով Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ  թէ այդ կրօնաւորները որոնք անօրէն կերպով կը բացակային հասարակութենէն կարելի է «ipso facto» փաստի հիման վրայ կարգալուծել։

Այս մէկը սակայն բացի Մեծաւորի յայտարարութենէն կարիքը ունի Սուրբ Աթոռի վաւերացումին մինչ թեմական հաստատութիւններու համար հարկաւոր է Եպիսկոպոսին վաւերացումը։

Վերոնշեալ նորութիւններու հիման վրայ փոխուած կը համարուին Եկեղեցական Կանոնագիրքի «կրօնական կեանքին հայող» թիւ 694 եւ թիւ 729 կանոնները։  Նոր օրէնսդրութիւնը ի զօրու կը դառնայ յառաջիկայ 10 ապրիլ 2019 սկսեալ։

Տուեալ ի Հռոմ 19 մարտ 2019-ին, Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը, Քահանայապետութեան եօթներորդ տարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 12:00