Ֆրանչիսկոս Պապն եւ Մոհամմատ Զ թագաւորը ստորագրեցին Երուսաղէմին ի

Ֆրանչիսկոս Պապն ու Մոհամմատ Զ Թագաւորը կարեւոր կը նկատեն «Երուսաղէմի Սուրբ Երկիրը պահպանել որպէս մարդկային համընդհանուր ժառանգութիւն:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետն ու Մոհամմատ Զ Թագաւորը, ստորագրեցին միասնական կոչ մը, որով յայտարարեցին թէ կը ճանչնան «Երուսաղէմի առանձնայատկութիւնն  ու սրբութիւնը», անոր «համայնական ժառանգութիւնը՝  մարդկութեան ու երեք միաստուածեան  կրօններու հաւատացեալներուն համար» ինչպէս նաեւ անոր «որպէս հանդիպումի վայր ու խաղաղ համակեցութեան խորհրդանիշ» ըլլալու յատկութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ճանչնալով Երուսաղէմի – Ալ Քոտս ալ Շարիֆ -,  սրբութիւնն ու առանձնայատկութիւնը եւ ի սիրտ ունենալով անոր Խաղաղութեան Քաղաքի կոչումի յատկութիւնն ու հոգեւոր նշանակութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապն ու Մոհամմատ Զ Թագաւորը կարեւոր կը նկատեն «Երուսաղէմի Սուրբ Երկիրը – Ալ Քոտս ալ Շարիֆ -,  պահպանել որպէս համամարդկային համընդհանուր ժառանգութիւն, յատկապէս երեք միաստուածեան կրօններու հաւատացեալներուն համար, որպէս վայր հանդիպումի եւ խաղաղ համակեցութեան խորհրդանիշ, որտեղ կը մշակուին փոխադարձ յարգանքն ու երկխօսութիւնը»։

Այս ուղղութեամբ անոնք կը խնդրեն որ «պահպանուին ու խթանուին Երուսաղէմի իւրայատուկ մշակութային ինքնութեան, հոգեւոր ծաւալին ու բազմակրօնային յատուկ բնոյթը»։

Կը մաղթենք որ Սուրբ Քաղաքին – Ալ Քոտս ալ Շարիֆ -,  մէջ յարգուին երեք միաստուածեան հաւատացեալներուն մուտք գործելու իրաւունքը ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին ապահովուի պաշտամունք կատարելու ազատութիւնը, այնպէս որ Երուսաղէմէն  – Ալ Քոտս ալ Շարիֆ -,  բարձրանայ այդ կրօններու հաւատացեալներուն կողմէ աղօթք առ Աստուած, Արարիչ ամէն բանի, ի սպաս խաղաղ ապագայի մը ու երկրի վրայ եղբայրութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 17:18