Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Յոյսի Ծառայ» կարգախօսով սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք Ճամբորդութիւնը։

Սոյն ճամբորդութեան կարեւոր պահերէն է Իսլամներու հետ երկխօսութիւնը ապա գաղթականներուն հետ հանդիպումը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 30 Մարտ 2019-ի առաւօտեան 10ին, սկիզբ կ՛առնէ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջազգային 28րդ առաքելական ճամբորդութիւնը որ զինք որպէս «Յոյսի Ծառայ» կ՛առաջնորդէ Ափրիկեան ցամաքամաս՝ Մարոքի Թագաւորութիւն։

Ճամբորդութեան նախօրեակին հրապարակած մէկ թուիթին մէջ, քաղուած Քահանայապետի Մարոքի ժողովուրդին ուղղած լսատեսողական պատգամէն,  Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շեշտած է թէ ինք «Մարոք կ՛երթայ իր նախորդ Սուրբ Քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ հետքերով, որպէս խաղաղութեան եւ եղբայրութեան  ուխտաւոր» ու այս ուղղութեամբ հաւատացեալներէն խնդրած էր որ իրեն ընկերանան աղօթքով։ Նոյն աղօթքը զոր Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց ուրբաթ 29 մարտի առաւօտեան՝ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ եկեղեցի կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, ուր Եկեղեցւոյ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր նուիրուած մատրան մէջ, սովորութեան համաձայն, պահ մը սփոփուեցաւ ու Տիրամօր հովանիին յանձնեց առաքելական երկօրեայ  ճամբորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն կը մեկնի 10.45-ին ու երեք ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք կը ժամանէ Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի միջազգային օդակայան սաւառնելէ ետք Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սպանիայի օդային տարածքներուն վրայէն։

Սոյն ճամբորդութեան կարեւոր պահերէն է Իսլամներու հետ երկխօսութիւնը ապա գաղթականներուն հետ հանդիպումը, ինչպէս նեաւ  տեղական կաթողիկէ փոքրիկ հասարակութեան հետ հանդիպումը։

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը Վատիկանէն չի մեկնած, Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մարոքցի գաղթական երկու ընտանիքներուն անդամներուն հետ որոնք Հռոմի մէջ հիւրընկալուած են Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան մօտ։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 08:50