Լորէթոյի Մարեմեան Սրբավայրը Լորէթոյի Մարեմեան Սրբավայրը 

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին յայտարարութիւնը՝ Երիտասարդներուն նուիրուած առաքելական յորդորագիրի մասին։

«Vive Cristo, esperanza nuestra – Կեցցէ Քրիստոսը մեր յոյսը»

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Vive Cristo, esperanza nuestra – Կեցցէ Քրիստոսը մեր յոյսը» այս է սպաներէն լեզուով երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի Քահանայապետական յետ-սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրի տիտղոսը,  որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի ստորագրէ յառաջիկայ 25 մարտ 2019-ին, Աւետման տօնին օրը, Լորէթոյի Մարեմեան Սրբավայր կատարած իր ուխտագնացութեան առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը այս իր արարքով  մտադիր է Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնել այդ փաստաթուղթը որ կը լրացնէ Վատիկանի մէջ՝  3 - 28 հոկտեմբեր 2018-ին գումարուած, «երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» բնաբանով, երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական աշխատանքները։   

Առաքելական յորդորագիրը պիտի հրատարակուի ապա 25 մարտին, Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութենէն ետք, ու հանրութեան պիտի ներկայացուի յաջորդ օրերուն Վատիկանի մէջ նախատեսուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 13:00