Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան 6-րդ տարեդարձը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան 6-րդ տարեդարձը՝  

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան 6-րդ տարեդարձը՝ նայելով էականին։

Նորին Սրբութեան ընտրութեան տարեդարձը կը զուգադիպի՝ 13 Մարտին։
Ունկնդրէ լուրը

«Ֆրանչիսկոս Պապը ապրեցաւ ու կ՛ապրի՝ ճամբորդութիւններով ու սիւնհոդոսներով խիտ ամիսներ։ Անոր քահանայապետութեան 6-րդ տարին յատկանշուեցաւ մանկապղծութեան հարցով ու ներքին յարձակումներու տառապանքի պահերով։ Ասոնց պատասխանը եղաւ վերադառնալ էականին՝ հաւատքի սրտին»։ Այսպէս կը գրէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Տիար Անտրէա Թորնիելլի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քահանայապետ ընտրութեան 6-րդ տարեդարձին առթիւ հրապարակած իր խմբագրականին մէջ։ Նորին Սրբութեան ընտրութեան տարեդարձը կը զուգադիպի՝ 13 Մարտին։

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան վեցերորդ տարին սկիզբ առաւ  կարեւոր ճամբորդութեամբ՝դէպի Փանամա ու այլ կարեւոր մէկ եպիսկոպոսական հաւաքով, նուիրուած  «Անչափահասներու պաշտպանութեան», որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներն ու եկեղեցական պատասխանատուները,  մինչ տարուան աւարտին՝ Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին Վատիկանի մէջ  կը գումարուի Ամազոնեան շրջանին նուիրուած Սիւնհոդոսը, կը նշէ միշտ Թորնիելլի խմբագրականին մէջ ու կը շարունակէ «այդ կարեւոր իրադարձութիւններու շարքին» դասելով   Արաբական Էմիրութիւններ կատարած առաքելական պատմական ճամբորդութիւնը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին եհտ միասին ստորագրեց եղբայրութեան միասնական յայտարարութիւնը՝ կրօնական ազատութեան բնագաւառէն ներս արդիւնքներ արտադրելու յոյս ներշնչող  փաստաթուղթ մը ։  

Մինչ յառաջիկային Պուլկարիա եւ Ռումանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն կորիզը պիտի ըլլայ՝ համամիութիւնը, ապա Ճափոն կատարելիք հաւանական այցելութիւնը առիթ կրնայ հանդիսանալ յիշելու հիւլէական ռումբին յառաջացուցած աւերները,  որպէս մարդկութեան ներկայի ու ապագայի համար նախազգուշացում, որ այսօր կը փորձարկէ «բաժան բաժան տեղի ունեցած համաշխարհային երրորդ պատերազմ մը» որուն մասին յաճախ կը խօսի Քահանայապետը։

Եկեղեցիին դէմ ուղղուած ներքին ու արտաքին հարուածներուն դիմաց Հռոմի Պապը աշխարհի բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեց աղօթել Սուրբ Վարդարանը, ամէն օր,  որպէսզի «որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ» միանայ «հաղորդութեան ու ապաշխարութեան մէջ» Ամենասուրբ Կոյս Աստուածածինէն եւ Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետէն հայցելու համար բարեխօսութիւն՝ Եկեղեցին պաշտպանելու համար սատանայէն, որ միշտ կը ջանայ բաժանումներ յարուցել Աստուծոյ ու մեր միջեւ։

Սա ժամանակակից եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ  բացառիկ մէկ խնդրանք  մըն էր եւ իր այս խօսքերով Քահանայապետը ուզեց բացայայտել ապրուած ծանր իրավիճակը ու միեւնոյն ատեն արտայայտել քրիստոնէական գիտակցութիւնը՝ թէ չկան մարդկային լուծումներ որոնք կարող են ելքի ճամբայ մը գտնել այդ հարցերուն։

Քահանայապետը արդարեւ անգամ մը եւս դիմեց էականին։ Եկեղեցին չէ կազմուած արտակարգ ուժերով (սուփըր) հերոսներէ (եւ ոչ իսկ  «սուփըր» Պապերէ)։ Ան յառաջ չի ընդանար իր մարդկային ուժերու կամ ռազմավարութեան շնորհիւ։ ԱՆ գիտէ թէ չարը ներկայ է աշխարհին մէջ, թէ գոյութիւն ունի նաեւ սկզբնական մեղքը ու թէ փրկուելու համար կարիքն ունինք Բարձրեալի օգնութեան։

Անտրէա Թորնիելլիի խմբագրականէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2019, 12:00