Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց Հոգեւոր կրթութեան առթիւ Իրեն ընկերանալ աղօթքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քուրիայի անդամները կը փոխադրուին Արիչչայի «Աստուածային Վարդապետ» անուամբ կեդրոն ուր կը մնան մինչեւ ուրբաթ 15 մարտ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 Մարտ 2019-ի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորները յիշեց՝ երէկ Սպանիայի Օրվիետօ Քաղաքին մէջ կայացած երանացման  արարողութիւնը որուն ընթացքին երանելի հռչակուեցան Անճելօ Քուարթասը ու անոր 8 նորընծայ բարեկամները որոնք սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար։ Այս երիտասարդները անքան սիրեցին Տէրը որ չզլացան Անոր հետեւիլ Խաչի ճանապարհին վրայ – ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով որ  «Անոնց հերոսական վկայութիւնը   օգնէ բոլոր նորընծաները, Քահանաներն ու եպիսկոպոսները իրենք զիրենք պահելու միշտ մաքուր եւ վեհանձն՝ հաւատարմութեամբ ծառայելու համար Տիրոջ ու Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց Սուրբ Պետրոս ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա բոլորին մաղթեց որ քառասնորդաց շրջանը ըլլայ պտղաբեր ու նախ քան հրաժեշտ առնելը անոնցմէ խնդրեց որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն զինք ու Հռոմի Քուրիայի  իր համագործակիցները որ այս երեկոյ պիտի սկսին մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր կրթութիւնը։

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Քուրիայի անդամները, 10 Մարտի յետմիջօրէին կը փոխադրուին Արիչչայի «Աստուածային Վարդապետ» անուամբ կեդրոն ուր կը մնան մինչեւ ուրբաթ 15 մարտ հետեւելով   Ֆիրենցէի  Սուրբ Մինաս Վանքի Աբբահայր Հայր Պերնատրօ Մարիա Ճաննիի քարոզած Հոգեւոր Կրթութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2019, 12:11