Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը ու Հռոմի քաղաքապետ Ռաճճին Ֆրանչիսկոս Պապը ու Հռոմի քաղաքապետ Ռաճճին 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալիոյ մայրաքաղաքի վարչակազմին։

Հռոմը՝ իր 2800 տարուայ պատմութեան ընդմէջէն գիտցաւ ընդելուզել առանց ոտնակոխ ընելու ինքնութիւնները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հռոմի քաղաքապետարանի տուած այցելութեան ծիրէն ներս, երեքշաբթի 26 մարտ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քաղաքապետարանի «Giulio Cesare» անուամբ ժողովասրահին մէջ,   քաղաքապետ՝ Վիճինիա Ռաճճիի արտասանած բարի գալուստի ողջոյնի խօսքէն ետք իր պատգամը ուղղեց Հռոմի վարչակազմին։ 

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին ու հիւրընկալութեան համար, յայտնելով որ ինք շատոնց ի վեր կ՛ուզէր Քափիտոլիոն այցելել, անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու համար քաղաքական իշխանութիւններուն՝ անոնց Սուրբ Աթոռին հետ համագործակցութեան համար, ըլլայ «Ողորմութեան» Յոբելենական տարւոյն առթիւ, ըլլայ եկեղեցական այլ ու զանազան ձեռնարկներուն առթիւ։

Նորին Սրբութիւնը  հաստատեց թէ Հռոմը հայրենիքն է օրէնքի իւրօրինակ հայեցակարգիմը։ Քաղաքն է որ ճանչցաւ փիլիսոփայութեան, արուեստի ու հին մշակոյթի արժէքն ու գեղեցկութիւնը ու եղաւ նաեւ Պետրոս եւ Պօղոս Սուրբ առաքեալներու մարտիրոսութեան վայրը։ 

Հռոմը՝ իր 2800 տարուայ պատմութեան ընդմէջէն, գիտցաւ ընդելուզել, ընկերային եւ տնտեսական զանազան խաւերու պատկան, տարբեր ժողովուրդներ ու անձեր, որոնք ժամանած են աշխարհի տարբեր վայրերէն, առանց սակայն ոչնչացնելու տարբերութիւնները ու առանց ոտնակոխ ընելու անոնց ինքնութիւնները։

Այս քաղաքը, ըսաւ Քահանայապետը, ընկալեց աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ժամանած աշակերտներ եւ ուխտաւորներ, զբօսաշրջիկներ, գաղթականներ ու փախստականներ…ան  ճանչցուած է որպէս Իտալիոյ մայրաքաղաք եւ Կաթողիկէութեան կեդրոն, ուր շատեր կու գան մեծարելու մարտիրոսներուն յիշատակը։

Հռոմը տեսակէտով է պարտադիր կը դարձնէ երկխօսութիւնը ընդմէջ ժամանակաւոր ու հոգեւոր իշխանութեան,  զանոնք մղելով փոխադարձ յարգանքով միասին համագործակցելու։ 

Յաւիտենական քաղաքը կարիքը ունի հեզ ու շարունակական խնամքի ու ստեղծագործ քաջութեան, որպէսզի պահէ կարգապահութիւնը եւ ըլլայ ապրուելիք վայր մը եւ որպէսզի այդքան շքեղութիւն չի քայքայուի, այլ ընդհակառակը՝ անցեալի փառքերուն ապահովուի նաեւ նոր սերունդներուն սատարը։

Սրբազան Պապը ճառին մէջ անդրադարձաւ Քաղաքի ու Վատիկանի միջեւ կայացած սերտ յարաբերութեան ու համագործակցութեան ու յատկապէս Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ պատմական դաշնագիրի վերատեսութեան համաձայնագիրին՝ որուն այս տարի կը յիշատակուի 35 ամեակը, եւ որուն մէջ նշուած է թէ «Իտալիոյ հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Քահանայապետի եպիսկոպոսական աթոռ՝ Հռոմի, կաթողիկէութեան համար ունեցած յատուկ նշանակութիւնը»։ 

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը հրատապ նկատեց որ Հռոմը իր պատմութեան ու պարտականութեան հիման վրայ, գիտնայ ըլլալ քաղաքացիութեան դաստիարակ ու ընկալումի ուսուցիչ, ու չի կորսնցնէ իմաստութիւնը՝ որ կը յայտնուի ընդելուզման կարողութեան մէջ, որպէսզի ամէն մին ինքզինք զգայ ներգրաւուած ու մասնակից՝ քաղաքի ու միասնական ճակատագիրին։

Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ապահովեցուց Եկեղեցւոյ օժանդակութիւնը, շեշտելով բոլոր դերակատարներուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ քաղաքացիներ, ընկերային ուժեր, հանրային իշխանութիւններ, կաթողիկէ եկեղեցի ու այլ կրօնական հասարակութիւններ, որոնք ամէնքն ալ իրենք զիրենք դնեն ի սպաս քաղաքի ու քաղաքին մէջ ապրող անձերու բարիքին ու յատկապէս անոնց որոնք մոռցուած ու բացառուած են եւ կամ կը փորձարկեն հիւանդութեան, առանձնութեան ու լքումի տառապանքը։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ գաղթականներու երեւոյթին, նշելով թէ անոնցմէ շատեր փախուստ տուած են պատերազմներէն ու թշուառութիւնէն ու կը ջանան վերակառուցել իրենց կեանքը անվտանգ պայմաններու մէջ ու արժանավայել կենցաղի փնտռտուքով։

«Հռոմը որ է  կամուրջ եւ հիւրընկալ քաղաք, կոչուած է դիմագրաւելու այս դարային մարտահրաւէրը ու իր բոլոր ուժերը տրամադրելու՝ ընկալումի եւ ընդելուզման ի նպաստ, որպէսզի լարուածութիւններն ու հարցերը փոխակերպուին հանդիպումի եւ աճումի հնարաւորութիւններու» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ Հռոմի քրիստոնէական արմատներուն։ 

Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ շեշտը դրաւ  Սուրբ Աթոռին Հռոմ Քաղաքին հետ վաղուց համագործակցութեան վրայ, ի նպաստ բոլորին բարիքին, ու քաջալերեց բոլոր անոնք որոնք Սուրբ Աթոռին հետ կապեր ունին, գործնական յանձնառումով վկայելու հաւատքի մը քաշողական ուժը, որ կը դառնայ բարիի ի նպաստ ծառայութեան գործ եւ ստեղծագործութիւն։

Ֆրանչիկսոս Պապ ճառը եզրափակեց Հռոմ քաղաքը, բոլոր ներկաներն ու անոնց աշխատանքը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ «Սալուս Փոփուլի Ռոմանիի» ու Սուրբ Պօղոս եւ Սուրբ Պետրոս առաքելապետերու պաշտպանութեան, ապա բոլորին համար հայցեց Աստուածային առատ օրհնութիւններ անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ու խնդրելով որ իրենց եւս աղօթեն իրեն համար։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 11:17