Որոնել

Ապաշխարութեան Թափօր Ապաշխարութեան Թափօր 

6 մարտ 2019-ին, ըստ լատինաց օր մոխրոց է՝ սկիզբ քառասնօրեայ պահքի շրջանին։

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մոխրոց օրը կը կատարուի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող երկուշաբթի օրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 մարտ 2019-ին, Լատին Եկեղեցւոյ մէջ «մոխրոցի» արարողութեամբ սկիզբ կ՛առնէ մեծ պահքի շրջանը որ կը տեւէ 40 օրեր՝ նման Յիսուսին անապատին մէջ ապրած 40 օրերուն, նախ քան այս երկրի վրայ իր առաքելութիւնը սկսիլը։  Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մոխրոց օրը կը կատարուի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող երկուշաբթի օրը։

Ունկնդրէ լուրը

Մոխրոց օրուան առթիւ, աւանդութեան համաձայն, Քահանայապետը՝ Հռոմի ''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, Ե. դարուն կառուցուած` ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, կը գլխաւորէ ''ապաշխարութեան'' թափօրը  որ սկիզբ կ՛առնէ Ավենթինօ շրջանի Սանդ Անսելմօ  անուամբ եկեղեցիէն եւ կ՛ուղղուի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ, մասնակցութեամբ կղերական դասին, Կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն, ինչպէս նաեւ վերոնշեալ երկու եկեղեցիներու կրօնաւորական Միաբանութիւններու անդամներուն` Պենետիկտեան եւ Տոմինիքեան հայրերը, ու աշխարհական հաւատացեալներուն։

''Ապաշխարութեան թափօրի'' աւարտին, Սանթա Սապինայի տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին կը կատարէ նաեւ մոխրոց օրհնութիւնը որ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդը ''հող է եւ հող պիտի դառնայ''։

Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։

Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութեան գործերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2019, 09:44