Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան 6-րդ տարեդարձը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վեց տարիներ անցան այն 13 մարտ 2013-էն երբ ընտրուեցաւ Ամերիկեան ցամաքամասէն ժամանած առաջին Քահանայապետը, առաջին Յիսուսեանը, առաջինը որ կրեց Ասսիզիի աղքատիկին անունը։ Այս 2191 օրերը Սուրբ Պետրոսի 265-րդ յաջորդ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ կարելի է եզրակացնել Քահանայապետութեան հայող հոգեւոր բնոյթ ունեցող 10 կէտերու մէջ.

Յիսուսին հետ հանդիպում

Քահանայապետի Վարդապետութեան սիրտը կը կազմէ Տիրոջ հետ հանդիպումը։ Հաւատքը ապրիլ կը նշանակէ հանդիպիլ Յիսուսին, Քրիստոսին որ քեզ կը սիրէ ու իր կեանքը նուիրեց քու փրկութեանդ համար ու այժմ ամէն օր կ՛ապրի քու մօտդ քեզ լուսաւորելու զօրացնելու ու ազատելու համար։  Հաւատքը գաղափարախօսութիւն մը չէ` այլ իսկական հանդիպում է Փրկիչին հետ։ Սիրոյ հանդիպում որմէ կը բխի իղձը Աւետարանը տանելու ամենուրէք։

Աղօթքը

Աղօթքը Քահանայապետին համար քրիստոնէական կեանքի հիմքն է, խօսքերէ աւելի ան կը նշանակէ ամբողջովին յանձնուիլ Հօր Աստուծոյ։ Աղօթքը առօրեայի փորձառութիւն մըն է, երկխօսութիւն է որ կը պահանջէ նաեւ ունկնդրութիւն։ Աղօթել կը նշանակէ հասկնալ թէ բոլորս զաւակներն ենք միեւնոյն Հօր որ մեզ երբեք միայնակ չի թողուր։ Աղօթել կը նշանակէ ընթանալ դէպի մերձաւորը։

Թոյլ տալ կերպարանափոխուիլ Սուրբ Հոգիէն

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան զօրեղ երեւոյթներէն մին է հրաւէրը՝ թոյլ տալու որ Սուրբ Հոգին մեզ ու մեր կեանքը կերպարանափոխէ։ Քրիստոնէութիւնը արդարեւ շարունակական դարձ մըն է ու Սուրբ Հոգիի շնորհքով է որ մենք կը դառնանք իսկական աւետարանողներ։

Եկեղեցին՝ Հօր տուն որուն դուրը միշտ բաց է բոլորին

«Եկեղեցին որ փրկութեան խորհուրդ է կանչուած է ըլլալու Հօր Աստուծոյ տունը որուն դռները միշտ բաց են բոլորին» կը հաստատէ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ Հարկաւոր է որ  Յիսուսը չի փակենք եկեղեցիներուն մէջ Ան կը բախէ դուռը դուրս գալու համար ու ամենուրէք տանելու կեանքը։

Հոգեւոր Շարունակական վերանորոգում։

Եկեղեցին որ Աստուծոյ Ժողովուրդն է՝ կանչուած է մշտապէս վերանորոգուելու որպէսզի հաւատարիմ մնայ Քրիստոսին։ Աղքատներու համար աղքատ եկեղեցի մը որ գոյութիւն ունի ծառայելու համար ու գիտէ քալել միասնաբար, յաղթահարելով փորձութիւններն ու կղերապաշտութիւնը ու անձկութեան պահերուն թոյլ կու տայ բիւրեղանալ։

Իսկական հաւատքը տագնապի կը մատնէ

«Հաւատք մը որ մեզ տագնապի չի մատներ, տագնապի մէջ գտնուող հաւատք մըն է, հաւատք մը որ մեզի հարցադրել չի տար, հաւատք մըն է որուն մասին հարկաւոր է  հարցեր տալ. Հաւատքը որ մեզ չի ոգեւորեր, ոգեւորութեան կարիք ունեցող հաւատք մըն է, հաւատք մը որ չի խրորվեցներ, այլայլումի կարիք ունեցող հաւատք է , որովհետեւ Աստուած մը որ կը մարդեղանայ ու կը խաչին վրայ կը զոհուի մեզի համար խռովութիւն յարուցող իրողութիւն է. Յիսուս մեզ կը կոչէ քալելու ոչ թէ մեր ճանպահներուն այլ իր ուղիներուն վրայ։

Եղբայրսիրութիւնը գերադասել ամէն ինչի

Քրիստոնէութեան էականը ողորմութիւնն է՝ եղբայրսիրութիւնն է։ Կարող ենք աշխարհին հռչակել հաւատքի ամենամեծ ճշմարտութիւնները, նոյնիսկ մեր կեանքը զոհելով, կարող ենք հրաշքներ գործել ու սատանաները վտարել բայց եթէ սէր չունենանք ոչինչ ենք։ Ֆրանչիսկոս Պապը չի յոգնիր  այս մէկը յիշեցնելէ ու յաճախ կը մէջբերէ Մատթէոս Աւետարանիչին խօսքերը «Անօթի էի, կերակուր տուիք ինծի. Ծարաւ էի խմելիք ջուր տուիք, օտարական էի հիւրընկալեցիք զիս, մերկ էի հագցուցիք, հիւանդ էին այցելեցի…. Եթէ մենք Քրիստոսի դիմագիծը չի տեսնենք աղքատին, պանդուխտին, գաղթականին ու բացառուածին դէմքին մէջ զայն պիտի չի կարենանք ճանչնալ նաեւ երբ դէմ առ դէմ հանդիպինք Անոր։

Սրբութիւնը առօրեայի ողորմութիւն

Մեր ժամանակը ողորմութեան ժամանակն է։ Տիրոջ ողորմածութիւնը անսահման է սակայն եթէ մենք չ՛ընկալենք զայն Աստուծոյ զայրոյթին կ՛արժանանանք։ Դժոխքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուծոյ մերժում։ Մեղաւորին տրուած է զատութիւնը վերադառնալու Տիրոջ մինչ կաշառակերները իրենց զիրենք արդար կը նկատեն ու չեն ուզէր ընդունիլ Աստուծոյ ներումը։

Քրիստոնեան աշխարհի մէջ է սակայն աշխարհի չի պատկանիր

Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՛ուղղէ համայն քրիստոնեաներու իրենց զիրենք անտարբեր չի նկատելու աշխարհի կարիքներուն. Ընդհակառակը անոնց պարտականութիւնն է ապրիլ աշխարհի մէջ, կիսել անոր վէրքերը ու խնամք տանիլ երկիր մոլորակին ու այս բոլոր կատարել Քրիստոնէական Աւետարանի հոգիով։

Մարիամի բարեխօսութիւնը

Ի վերջոյ Քահանայապետութեան հոգեւոր բնոյթի վերջին կէտը Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնն է ու անոր օգնութեամբ սատանային դէմ մղուած պայքարը։ «Սատանան գոյութիւն ունի նաեւ 21-րդ դարուն» կ՛ըսէ Քահանայապետը։ Սատանան այն է որ կը բաժնէ. ստախօս է, թշնամի է,  կը սպաննէ։ Ահա թէ ինչու Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ կը դիմէ Տիրամօր որ միակն է որ յաղթեց չարին ու ասկէ մեկնելով կը հրաւիրէ հաւատալ աղօթքի զօրութեան եւ ճիշդ այս է որ զայն կը մղէ միշտ հայցելու աղօթքներ՝ «կարիքն ունիմ աղօթքի», «աղօթեցէք ինծի համար» կը կրկնէ Սրբազան Պապը։

 

Քահանայապետութեան վեցերորդ տարեդարձին օրը Սրբազան Պապը կը գտնուի Հոգեւոր Կրթութեան մէջ՝ Արիչչա Քաղաքի  Աստուածային Վարդապետ կեդրոն ուր այս առաւօտնեան Կարդինալական Դասի գահերէցը Կարդինալ  Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ բոլորին անունով շնորհաւորական խօսք ուղղեց Սրբազան Պապին որուն մէջ ըսաւ. «Յանուն բոլոր ներկաներու ձեզ Նորին Սրբութիւն կ՛ուզեմ ըսել թէ ուրախ ենք այս առաւօտ ձեր հետ միասին մատուցելու Սուրբ Պատարագը ու նաեւ կ՛ուզեմ ըսել թէ Տիրոջմէ կը հայցենք լոյս, աջակցութիւն եւ մխիթարութիւն ձեզի համար, ձեր եղբայրները  հաւատքի մէջ հաստատելու ձեր պարտականութեան մէջ ու միութեան հիմքը ըլլալու ինչպէս նաեւ  բոլորին ցոյց տալու դէպի երկինք տանող ճանապարհը։Օրհնեցէք մեզ Սրբազան Հայրը ու իմացէք թէ իսկապէս ձեզի մօտիկ ենք գորովով եւ անկեղծ նուիրումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2019, 09:04