Մարեմեան Աղօթքի մասնակցող ուխտաւորներ Մարեմեան Աղօթքի մասնակցող ուխտաւորներ 

Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը. Անպտուղ Թզենին, Աստուծոյ ողորմութիւնն ու մեր դարձը։

Մենք կրնանք մեծապէս ապաւինիլ Աստուծոյ ողորմութեան առանց սակայն չարաշահելու այդ մէկը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 մարտ 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանեց «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ մեկնաբանեց օրուան Աւետարանը որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը պատմէ անպտուղ Թզենիին առակը։

Ունկնդրէ լուրը

«Քառասնորդացի այս երրորդ շաբաթուայ աւետարանը մեզի կը խօսի Աստուծոյ ողորմութեան ու մեր դարձի մասին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսին պատմած անպտուղ Թզենիի առակին։

«Մէկը իր այգիին մէջ ունէր տնկուած թզենի մը. եկաւ պտուղ փնտռելու անոր վրայ, բայց չգտաւ: Ուստի ըսաւ այգեպանին. “Ահա՛ երեք տարի է, որ կու գամ՝ պտուղ կը փնտռեմ այդ թզենիին վրայ, ու չեմ գտներ. ա՛լ կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ խափանէ գետինը”: Ան ալ պատասխանեց անոր. “Տէ՛ր, ա՛յս տարի ալ ձգէ զայն, մինչեւ որ բրեմ անոր շուրջը ու թրիք դնեմ: Եթէ պտուղ տայ՝ լա՛ւ. այլապէս՝ յետագայի՛ն կտրէ զայն”»:

Այգիին տէրը կը ներկայացնէ Հայր Աստուած,այգէպանը Յիսուսին պատկերը եւ անպտուղ թզենին յատկանիշն է անտարբեր մարդկութեան։ Յիսուս կը բարեխօսէ իր հօր մօտ ու Անոր կ՛աղաչէ որ սպասէ ու այլ ժամանակ շնորհէ որովհետեւ անոր մէջ կարող է ծաղկիլ սիրոյ եւ արդարութեան պտուղները. Անպտուղ թզենին որ Տէրը կ՛ուզէ արմատախիլ ընել, կը ներկայացնէ անիմաստ կեանքը, որ կարող չէ նուիրելու ու բարիք գործելու։ Կեանք մը վերապահուած ինքնիր համար, հիմնուած սեփական հանգիստի վրայ, առանց մտահոգուելու անոնցմով որոնք կը գտնուին թշուառ պայմաններու մէջ։

Այս եսասիրութեան ու հոգեւոր անպտղաբեր վարմունքին դիմաց կայ այգեպանին վեհանձն սէրը, ան համբերատար է, գիտէ ժամանակ յատկացնել ու տիրոջ խօսք կու տայ որ յատուկ խնամք պիտի տանի այդ ծառին։  Այս կը ներկայացնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը որ միշտ մեզի ժամանակ կու տայ ապաշխարութեան, հակառակ մեր անպտղաբերութեան։ Աստուած համբերող է ու մեզի առիթ կ՛ընծայէ փոխուելու ու ընթանալու բարիի ճանապարհին վրայ։  «Մենք արդարեւ կրնանք մեծապէս ապաւինիլ Աստուծոյ ողորմութեան առանց սակայն չարաշահելու այդ մէկը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ «Քառասնորդացի այս շրջանին Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան։ Այդ կոչն ու հրաւէրը ուղղուած է իւրաքանչիւրիս  որպէսզի փոխենք մեր կեանքի ընթացքը ու միեւնոյն ատեն օրինակ առնենք Աստուծոյ համբերութենէն։ «Աստուած կ՛ընկերանայ ու խնամք կը տանի տկարին որպէսզի զօրանայ եւ իր սիրոյ սատարը տայ հասարակութեան»։ ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ դէպի Զատիկ տանող այս ժամանակը ապրելու որպէս Հոգեւոր նորոգումի ժամանակ ու բացուածք Աստուծոյ շնորհքին ու Անոր ողորմութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2019, 12:07