Որոնել

Նիքարակուայի մէջ ցոյցեր Նիքարակուայի մէջ ցոյցեր 

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց աղօթել Նիքարակուայի ու Նիճերիոյ եւ Մալիի մէջ ահաբեկչութիւններու զոհերուն համար։

Սրբազան Հայրը յիշեց նաեւ ժամանակակից Նահատակ Միսիոնարները ու աղօթք խնդրեց Լորէթօ կատարելիք ուխտագնացութեան համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 Մարտ 2019-ի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները նշեց թէ անցեալ 27 փետրուարէն Նիքարակուայի մէջ ընթացքի մէջ են կարեւոր բանակցութիւններ, լուծում գտնելու համար Երկրին մէջ տիրող ընկերաքաղաքական տագնապին։

Աղօթք Նիքարակուայի համար

«Աղօթքով կ՛ընկերանամ այդ ձեռնարկին ու կը քաջալերեմ կողմերը գտնելու արագ ու խաղաղ լուծում մը բոլորին բարիքին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց երէկ Սպանիայի մէջ Երանելի հռչակուած Մարիանօ Մուլլերաթ Ի Սոլտեվիլլան, «որ իր կեանքով ու նահատակութեամբ վկայեց սիրոյ եւ ներումի առաջնութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով նոր երանելիին բարեխօսութիւնը որպէսզի մենք եւս քալենք սիրոյ եւ եղբայրութեան ճանապարհին վրայէն, հակառակ դժուարութիւններուն ու դժբախտութիւններուն։  

Նահատակ Միսիոնարներու յիշատակի օրը

Սրբազան Հայրը նշեց ապա թէ այսօր կը յիշատակուի Նահատակ Միսիոնարներու յիշատակի օրը այս ծիրէն ներս մատնանշելով 2018 տարուայ ընթացքին բոլոր այն եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու աշխարհական հաւատացեալներուն, որոնք իրենց հաւատքին համար թիրախ եղան բռնութիւններու ու նաեւ սպաննուեցան։«Իրենց հաւատքին համար  հալածուած կամ սպաննուած ժամանակակից այս եղբայրներուն ու քոյրերուն չարչարանքը յիշելը, երախտագիտութեան պարտականութիւն է համայն եկեղեցւոյ համար, եւ է նաեւ խթան քաջութեամբ վկայելու մեր հաւատքը ու մեր յոյսը՝ Անոր մէջ որ Խաչին վրայ առ յաւէտ յաղթեց ատելութիւնն ու բռնութիւնը իր սիրով» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Աղօթք Նիճերիոյ եւ Մալիի մէջ ահաբեկչութիւններու զոհերուն

Ան ապա հրաւիրեց նաեւ աղօթելու Նիճերիոյ եւ Մալիի մէջ պատահած ահաբեկչութիւններու զոհերուն համար։ «Տէրը ընկալէ զոհերը, բուժէ վէրքերը, մխիթարէ ընտանիքները ու դարձի բերէ դաժան սրտերը» ըսաւ Քահանայապետը որ ողջունելէ ետք զանազան վայրերէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն խումբերը բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու նախ քան հրաժետշ առնելը յայտնեց թէ վաղը՝ Աւետման տօնին օրը, պիտի մեկնի Լորեթոյի Սրբավայր, Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելու երիտասարդներուն նուիրուած յետսիւնհոդոսկան յորդորագիրը։ 

Լորէթոյի Սրբավայր ուխտագնացութիւն։

«Աղօթեցէք այդ ճամբորդութեան դիտաւորութեան «որպէսզի Մարիամին «Այո»ն դառնայ մեր բոլորիս «այո»ն» ըսաւ Քահանայապետը  ու հրաժեշտ առնելով ներկաներէն խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2019, 12:20