Որոնել

Նոր Զելանտայի իսլամ հասարակութիւնը Նոր Զելանտայի իսլամ հասարակութիւնը 

Քահանայապետին մօտիկութիւնը Նոր Զելանտայի ահաբեկչական արարքի զոհերուն։

Մօտիկ եմ իսլամ ու քաղաքացիական հասարակութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակնօրեայ «Հրեշտակ Տեառն» Մարերեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները ըսաւ. «Այս օրերուն, մարդկութիւնը անհանգստացնող պատերազմներու ու հակամարտութիւններու ցաւին աւելցաւ Նոր Զելանտայի Քրիստչըրչ քաղաքի երկու մզկիթներու դէմ գործադրուած ահաւոր ահաբեկչութեան զոհերուն ցաւը։ Կ՛աղօթեմ բոլոր մահացողներուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։ Մօտիկ եմ իսլամ մեր եղբայրներուն ու քաղաքացիական հասարակութեան ու կը վերանորոգեմ հրաւէրը միանալու աղօթքի մէջ ու խաղաղութեան արարքներու միջոցաւ հակազդելու ատելութեան եւ բռնութեան»։

Քահանայապետը ապա ողջունեց տարբեր երկիրներէ ու վայրերէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի՝ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2019, 12:12