Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 Մարտի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Հայցենք Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի թիկունք կանգնի մեզի ու մեզ օգնէ ՝միշտ մերժելու չարը եւ ընկալելու բարին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 Մարտ 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ մեկնաբանեց օրուան Աւետարանական  ընթերցումը որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն (Ղուկաս 4, 1-1) ուր կը խօսուի Յիսուսին անապատին մէջ ունեցած փորձութիւններուն մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս արդարեւ 40 օրեր ամբողջ ծոմապահութիւն կատարելէ ետք երեք անգամ կը  փորձուի սատանայէն որ Յիսուսին կ՛առաջարկէ քարերը հացի վերածել, ապա անոր կը խոստանայ դառնալ հզօր ու փառահեղ մեսիա մը հուսկ Երուսաղէմի տաճարին աշտարակին գագաթը տանելով կը հրաւիրէ ինքզինք վար նետել փաստելու համար թէ ինք Աստուած է։

«Այս երեք փորձութիւնները ցոյց կու տան ճանապարհները զոր աշխարհը այսօր կ՛առաջարկէ» ըսաւ Սրբազան Պապը՝ «սեփականացումի ագահութիւնը, մարդկային փառքը եւ Աստուծոյ չարաշահումը»։ Ան ապա անդրադարձաւ  այս երեք իրողութիւններէն իւրաքանչիւրին ու Յիսուսին սատանային տուած պատասխաններուն։ Արդարեւ Յիսուս կ՛ըսէ «գրուած է որ մարդ միայն հացով չ՛ապրիր», «Միայն քու Տէր Աստուծոյ երկրպագութիւն պիտի ընես ու միայն զինք պիտի պաշտես» հուսկ «Քու Տէր Աստուածդ մի փորձեր»։

«Երեք ճանապարհներ որոնք մեզ կը դնեն յաջողութիւն եւ երջանկութիւն ձեռք բերելու ցնորքի մը առջեւ, մինչ իրականութեան մէջ անոնք հեռու են Աստուծմէ, առ աւելին անոնք մեզ կը բաժնեն Անորմէ որովհետեւ սատանային գործերն են» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ Յիսուս յաղթահարելով այդ փորձութիւնները մեզի ցոյց կու տայ դարմանը՝ ներքին կեանք, Աստուծոյ վրայ հաւատք ու Անոր սիրոյ վստահութիւնը։

«Յիսուս սատանային հետ երկխօսութեան մէջ չի մտներ այլ պարզապէս անոր  հարցումներուն պատասխաններ կու տայ, այս կը նշանակէ թէ պէտք չէ երկխօսութեան մէջ մտնել փորձիչին հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց«Օգտուելու քառասնորդացի շրջանէն, որպէս բիւրեղացումի պատշաճ ժամանակ, փորձարկելու համար Աստուծոյ մխիթարիչ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի թիկունք կանգնի մեզի ու մեզ օգնէ ՝միշտ մերժելու չարը եւ ընկալելու բարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2019, 12:09