Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը. «Սուրբ Ըլլայ Քու Անունդ»։

«Քրիստոնէական կեանքին առաջին քայլը, մենք մեզ յանձնելն է Աստուծոյ ու Անոր նախախնամութեան»

 «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ թէ Տէր Եհովան այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ո՛չ թէ ձեզի համար կ՚ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տուն, հապա իմ սուրբ անուանս համար, որը դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք։  Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ, որ դուք անոնց մէջ պղծեցիք ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ՚ըսէ Տէր Եհովան, երբ անոնց աչքերուն առջեւ ձեր մէջ սրբուիմ։ (Եզեկիէլ 36, 22-23)

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 փետրուար 2019ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակելով «Հայր մեր» աղօթքի մասին խորհրդածութիւնները, շեշտը դրաւ «Սուրբ ըլլայ Քու Անունդ» խօսքին վրայ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Հայր մեր աղօթքի մեր ուղեւորութեան  ընթացքին այսօր պիտի խորանանք անոր եօթը աղաչանքներէն առաջինին վրայ, այսինքն Սուրբ ըլլայ Քու Անունդ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ Հայր մեր աղօթքին եօթը աղերսները կարելի է բաժնել երկու մասի. Առաջին երեքին մէջ կեդրոնը կը հանդիսանայ  «Հայր Աստուծոյ «Դուն»ը, մինչ միւս չորսերուն կեդրոնը կայ «մենք»ը՝ ու մեր մարդկային կարիքները։

Առաջին մասին մէջ Յիսուս մեզ կ՛առաջնորդէ իր իղձերուն մէջ, որոնք բոլորն ալ ուղղուած են Հօր. Սուրբ ըլլայ Անունդ, թող գայ քու արքայութիւնդ, թող ըլլայ Քու կամքդ. Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ Ան է որ մուտք կը գործէ մեր էութեան մէջ ու թարգման կը հանդիսանայ մեր կարիքներուն. առօրեայ հացը, մեղքերու թողութիւնը, փորձութեան մէջ օգնութիւն ու չարէն ձերբազատում։

«Ահա այստեղ կը գտնուի քրիստոնէական ամէն մէկ աղօթքին կաղապարը որ կազմուած է Աստուծոյ  փառաբանութեամբ ապա արի եւ անկեղծ խնդրանքէ» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ «Հայր մեր» աղօթքը իր պարզութեան եւ էութեան մէջ մեզի կը սորվեցնէ խուսափիլ անիմաստ ու աւելորդ խօսքերէ, որովհետեւ ինչպէս Յիսուս ըսաւ մեզի «Ձեր Հայրը գիտէ թէ ինչ բաներու կարիք ունիք, նախ քան որ դուք զայն խնդրէք Անորմէ»։

Առ այդ՝ երբ կը խօսինք Աստուծոյ հետ Անոր չենք բացայայտեր մեր սրտին իղձերը, Ան մեզմէ լաւ գիտէ թէ որոնք են անոնք։ Աստուած կը նմանի այն մայրերուն որոնց համար բաւարար է հայեացք մը՝ հասնկալու համար իրենց զաւակներուն կարիքները։

«Քրիստոնէական կեանքին առաջին քայլը, մենք մեզ յանձնելն է Աստուծոյ ու Անոր նախախնամութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը, Անոր վստահիլն է ու Անոր հետ մտերմութեան մէջ մտնել է ու ճիշդ այդ մտերմութիւնն է որ մեզ կը մղէ մեր Հօրմէն խնդերլու մեզի պէտք եղածը։

«Սուրբ ըլլայ Քու Անունդ» բացագանչութեան մէջ կը նշմարուի Յիսուսին հիացմունքը Հօր մեծութեան ու գեղեցկութեան վրայ ու միեւնոյն ատեն այդ խօսքերը կը պարունակեն աղերսը՝ որ Անոր Անունը սրբացուի նաեւ մեր մէջ, մեր ընտանիքներուն ու մեր հասարակութիւններուն մէջ ու նաեւ համայն աշխարհին մէջ։

«Աստուած է որ կը սրբացնէ, Ան է որ իր սիրով կը կերպարանափոխէ ու միեւնոյն ատեն մենք եւս մեր վկայութեամբ կը յայտնենք Աստուծոյ սրբութիւնը աշխարհին մէջ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով որ «Երբ Յիսուս իր քարոզութիւնը սկսաւ, առաջինը որ տուժեց այդ քարոզութենէն եղաւ չարը ու չար ոգիները՝ որոնք Յիսուսին կ՛ըսէին. «Ի՞նչ կ՛ուզես մեզմէ Նաոզվերցի…Ո՞վ ես դուն՝ Աստուծոյ Սուրբը»։

Չարին օրերը արդարեւ համրուած են, չարը այլեւս չի կրանր մեզի վնաս հասնցել։ Աղօթքը կը փառատէ ամէն վախ։ Հայրը մեզ կը սիրէ, Որդին իր բազուկները կը բարձրացնէ զանոնք միացնելով մեր բազուկներուն եւ Սուրբ Հոգին կը գործէ գաղտնաբար՝ աշխարհի փրկութեան համար։ Վստահաբար կայ մէկ իրականութիւն՝ չարն է որ այլեւս վախի մէջ է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2019, 09:45