Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Հայր մեր որ Երկինքն ես» Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Եթէ նոյնիսկ մեր բոլոր երկրային սէրերը անհետանան մեզի բոլորիս համար կայ սէր մը որ միշտ կը բորբոքի՝ Աստուծոյ միակ ու հաւատարիմ սէրը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր կը շարունակենք Հայր մեր աղօթքի մասին խորհրդածութիւնը» այս բարերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր  ունկնդրութեան զոր նախագահեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, չորեքշաբթի 20 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։  

Աստուծոյ սիրոյն չափանիշը կը հասկնանք մտաբերելով ծնողներու սէրը

«Հասկնալու համար Աստուծոյ Հայր ըլլալու չափանիշը մենք կը մտաբերենք մեր ծնողներուն տիպարը, սակայն պէտք է նաեւ զայն բիւրեղացնել ինչպէս մեզի կը յորդորէ Քրիստոնէականը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «մեզմէ եւ ոչ մէկը ունեցաւ կատարեալ ծնողք՝ նոյնպէս եւ մենք մեր կարգին երբեք կատարեալ ծնողներ կամ կատարեալ հովիւներ  չենք կրնար ըլլալ»։

Մարդկային սէրը սահմանափակ է

Մենք սիրոյ յարաբերութիւնները կ՛ապրինք մեր մարդկային սահմանափակ կարողութիւններուն ներքոյ,  որոնք յաճախ ապականած են եսասիրութեան զգացումէն։ Ասոր համար երբ կը խօսինք Աստուծոյ մասին որպէս Հայր՝ պէտք է աւելի անդին երթանք մեր ծնողներու պատկերէն։ Աստուծոյ սէրը երկնքի մէջ գտնուող սէր մը է, ինչպէս մեզի սորվեցուց Յիսուս, անիկա լիակատար սէր է. «Մարդիկ ու կիներ մուրացկաններ են սիրոյ ու կ՛որոնեն վայր մը ուր կարելի ըլլայ վերջապէս սէրը գտնել, սակայն չեն կարող զայն գտնել» յարեց Սրբազան Պապը  մատնանշելով յուսախաբութեան մատնող բազմաթիւ երկրային սէրերուն ու մարդկային սիրոյն հակասական բնութեան, որ կարող է ծաղկիլ ու կարող է նաեւ մեռնիլ մէկ ժամուան ընթացքին, նման առաւօտեան մարախուղին որ կանհետանայ։

«Մեր սէրը արդարեւ խոստում մըն է որ դժուարաւ կարող ենք պահել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով մարդկային տկարութիւններուն ու սահմանափակ կարողութիւններուն ապա նշեց թէ կայ այլ ուրիշ մէկ սէր՝ Հօր սէրը որ երկնքի մէջ է։

Բոլորս Աստուծոյ սիրոյն հասցէատէրերն ենք

Ոչ մէկը պէտք է տարակուսի այդ սիրոյն հասցէատէրը ըլլալու մտածումին։ Նոյնիսկ եթէ մեր հայրերն ու մայրերը մեզ չի սիրեցին ունինք Աստուած մը երկնքի մէջ որ մեզ կը սիրէ այս երկրի վրայ որեւէ մէկ անձէ աւելի։

«Եթէ նոյնիսկ մեր բոլոր երկրային սէրերը անհետանան, մեզի բոլորիս համար կայ սէր մը որ միշտ կը բորբոքի՝ Աստուծոյ միակ ու հաւատարիմ սէրը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձ կատարելով Սուրբ Օգոստինոսի դարձին՝ որ կը փնտռէր էակ մը որ կարող ըլլալ իրեն պարգեւելու բան մը որ ոչ մէկ ուրիշ էակ կարող էր պարգեւել եւ օր մը իր աչքերը վեր բարձրացնելով ճանչցաւ Աստուած։

Երկնքի մէջ բացագանչութիւնը չուզեր արտայայտել հեռաւորութիւնը՝ այլ արմատական տարբերութիւնը։ Ասոր համար մի վախնանք։ Մեզմէ ոչ մէկը մինակ է։ Նոյնիսկ եթէ դժբախտաբար աշխարհի քու հայրդ քեզ կը մոռնայ, եւ դուն դժգոհ ես անորմէ, քեզի չէ ժխտուած քրիստոնեայ հաւատքին հիմնական փորձառութիւնը՝ այն է իմանալ որ դուն սիրուած զաւակն ես Աստուծոյ, ու թէ  կեանքին էջ ոչ մէկ բան կարող է խախտել Անոր քեզի հանդէպ ունեցած գորովալի սէրը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2019, 10:07