Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը 

Սկիզբ առաւ Վատիկանի մէջ գումարուած Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական ժողովը։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համայն աշխարհէն Հռոմ ժամանած 190 եպիսկոպոսներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 փետրուար 2019-ի առաւօտեան 9-ին Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ սկիզբ առաւ «Եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու պաշտպանութեան» հայող եպիսկոպոսական հաւաքը որուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համայն աշխարհէն Հռոմ ժամանած 190 եպիսկոպոսներ ու կարդինալներ, որոնց շարքին 114 եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներ, Արեւելեան Եկեղեցիներու 14 պատրիարքներ ապա կարդինալական դասի անդամներ ու հրաւիրեալ եպիսկոպոսներ։ Ասոնց շարքին են Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց՝ Արհիապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ որպէս հրաւիրեալ եպիսկոպոս Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը։

Չորս օր տեւող այս աննախընթաց վեհաժողովին գլխաւոր նիւթերն են Եպիսկոպոսին Պատասխանատուութիւնը, մանկապղծութեան հարցերը դիմագրաւուելու ընթացակարգը եւ թափանցիկութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Վեհաժողովը սկիզբ առաւ աղօթքով որուն յաջորդեց մանկապղծութեան զոհ վկաներու մէկ տեսերիզը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը իր յորդորական պատգամը ուղղեց բոլոր ներկաներուն պաշտօնական բացումը կատարելով վերոնշեալ Եպիսկոպոսական արտակարգ հաւաքին։

Հաւաքին սկիզբը,  Յիսուսեան Գրիգորեան համալսարանի  մանուկներու  պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Հայր Զոլլներ, յանուն սեռային բռնութեան զոհերուն  ներկայացուց հետեւալ վկայութիւնը.

«Ոչ մէկը ինծի մտիկ կ՝ընէր,  ոչ իմ հարազատներս, ոչ ալ իմ բարեկամներս,  աւելի ուշ ոչ իսկ եկեղեցական իշխանութիւնները:  Անոնք  մտիկ  չ՝ըրին  ոչ ինծի ոչ ալ իմ արցունքներուս:  Հարց կու տամ ինչո՞ւ,  ինչո՞ւ Աստուած ինծի մտիկ չ՝ըրաւ»:

Իսկ իր արտասանած  խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ, Եկեղեցականներու կողմէ անչափահասներու դէմ կիրարկուած սեռային բռնութիւններու վէրքին ի տես, մտածեցի ձեզի դիմել, Պատրիարքներ, Կարդինալներ, Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ, Միաբանութիւններու մեծաւորներ եւ պատասխանատուներ, որպէսզի բոլորս միասին ունկնդրենք Սուրբ Հոգւոյն ձայնը ու խոնարհութեամբ մենք մեզ դնենք անոր առաջնորդութեան տակ, անսալով արդարութիւն պահանջող մանուկներուն ճիչին։

Մեր այս հաւաքին վրայ կը ծանրանայ հովուական ու եկեղեցական պատասխանատուութեան բեռը որ մեզի կը պարտադրէ միասին վիճել, սիւնհոդոսական հանգամանքով, անկեղծ ու խոր կերպով, թէ ինչպէս դիմագրաւել այս չարիքը որ տառապանք կը պատճառէ եկեղեցւոյ ու մարդկութեան։

Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը մեզի կը նայի ու մեզմէ կ՛ակնկալէ ոչ թէ պարզ ու բացայայտ դատապարտում, այլ շօշափելի եւ արդիւնաւէտ միջոցառումներ։

Սկսինք ուրեմն մեր այս ընթացքը զինուած հաւատքով ու ճշմարտութեան. քաջութեան եւ առարկայական ոգիով  - ըսաւ Սրբազան Պապը առաջարկելով ներկաներուն հետ կիսել Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու  ու յանձնախմբերու կողմէ պատրաստուած ուղեցոյց մը՝ որպէս սատար ներկայացուած  խորհրդածութիւններուն։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց  Անչափահասներու Պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբին, Հաւատոյ Դաւանանքի Ժողովին ու կազմակերպիչ Կոմիտէի անդամներուն անոնց արտակարգ աշխատանքին համար ու խօսքը աւարտեց հայցելով Սուրբ Հոգիէն որ «այս օրերուն թիկունք կանգնի մեզի ու մեզ օգնէ այս չարիքը փոխելու՝ բիւրեղացումի ու գիտակցութեան հնարաւորութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հայցեց նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը «որպէսզի  մեզ լուսաւորէ՝  ու կարենանք փորձել խնամել մանկապղծութեան գայթակղութեան հետեւանքով՝ անչափահասներուն ու հաւատացեալներուն պատճառուած ծանր վէրքը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2019, 09:14