Փետրուար ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Աղօթենք՝ մարդավաճառութեան, բռնի պոռնկութեան ու բռնութեան թիրախ անձերուն վեհանձն հիւրընկալութեան համար

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Ինչպէս ամէն ամսուայ սկիզբը, Փետրուար ամսուայ սկիզբը եւս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որուն մէջ մատնանշեց՝ թէ ստրկութիւնը միայն անցեալի իրականութիւն մը չէ ու թէ այսօր եւս կան արդի ձեւի ստրկութիւններ որոնց թիրախներ են յատկապէս տնտեսական գաղթականները, փախստականները, անչափահասները, անպաշտպան կիները...։

Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ ոչ մէկը կարող է անհոգ մնալ այս իրականութեան դիմաց բացի եթէ կ՛ուզէ ինք եւս մեղսակից դառնալ  այդ ոճիրին։

8 Փետրուարին յիշատակուող՝ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջազգային օրուան նախօրեակին, որ հաստատուած է 2015 թուականին Գաղթականներու ու փախստականներու ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական խորհուրդներու նախաձեռնութեամբ, Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ աղօթել ՝արդի ստրկութեան զոհերուն վերապահելով վեհանձն հիւրընկալութիւն մը։

 Յայտնենք թէ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան միջազգային օրը հաստատուած է   ի պատասխան Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին պայքարելու մարդավաճառութեան ոճիրին դէմ  եւ 8 փետրուար ընտրուած է որովհետեւ այդ օր կը յիշատակուի նաեւ 2000 սրբադասուած Սրբուհի  Ճուզեփփինա Պախիթայի ծիսական տօնը՝ Սուտանցի ստրկուհին որ ազատուելէ ետք ստրկութենէն իր կեանքը կը նուիրէ Աստուծոյ։

Նորին Սրբութիւնը լսատեսողական պատգամին մէջ կ՛ըսէ.

Նոյնիսկ եթէ կը ջանանք անտեսել զայն ստրկութիւնը այլ ժամանակներու իրականութիւն մը չէ։

Այս ողբերգական իրականութեան դիմաց ոչ մէկը կարող է ձեռքերը լուալ եթէ չի կամենար, տեսակէտով մը, ինք եւս դառնալ մարդկութեան դէմ ոճիրին մեղսակից։

Չենք կրնար անտեսել թէ այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի ստրկութիւնը, այնքան ու մի գուցէ աւելի քան անցեալին։

Աղօթենք՝ մարդավաճառութեան, բռնի պոռնկութեան ու բռնութեան թիրախ անձերուն վեհանձն հիւրընկալութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2019, 12:30