Որոնել

Զղջման արարողութիւնը Զղջման արարողութիւնը 

Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող վեհաժողովին «Զղջման արարողութիւնը»։

Ո՞րտեղէն սկսիլ։ Նայինք անառակ որդիին, անոր իրավիճակը փոխուեցաւ երբ ան հասկցաւ եւ ընդունեց իր սխալը ու այդ իր մեղքը ուզեց խոստովանիլ իր հօր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան,  անցեալ 21 փետրուարին Վատիկանի մէջ սկիզբ առած անչափահասներու պաշտպանութեան հայող վեհաժողովին աշխատանքային նիստերը վերջ գտան Առաքելական Պալատի «Ռեճա» դահլիճին մէջ տեղի ունեցած «ապաշխարութեան արարողութեամբ» որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի չորս ծագերէն Հռոմ ժամանած վերոնշեալ վեհաժողովին մասնակցող 190  եկեղեցականները։ 

Քաջութիւն ունենալ ըսելու ճշմարտութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը աղօթք բարձրացնելով առ ողորմած Աստուած հայցեց որ «քաջութիւն շնորհէ  որպէսզի  միշտ ըսենք  ճշմարտութիւնը» եւ իմաստութիւն շնորհէ հասկնալու համար թէ ուր սխալած են ու թէ կարիքն ունին ողորմութեան։ «Մեզի շնորհէ ներում եւ անդորրութիւն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հուսկ՝ Անառակ Որդիին հայող  կատարուած աւետարանական ընթերցումէն ետք ու ներկայացուած յաւուր պատշաճի քարոզէն ետք Քահանայապետը  նշեց թէ «երեք օրուայ տեւողութեամբ  խորհրդակցեցանք եւ ունկնդրեցինք չարաշահումներու զոհերու վկայութիւնները, հարց տալով թէ ի՞նչպէս պէտք է գործել պատասխանատուութեամբ ու թէ ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմել այդ ուղղութեամբ։ Ան հուսկ հաստատեց թէ  «նորոգուած քաջութեամբ ապագային նայելու համար մենք եւս անառակ որդիին նման պէտք է ըսենք «Հայր մեղանչեցի»։ 

«Հայր մեղանչեցի»

Նոյն այս յորդորը ուղղեց նաեւ Զղջման արարողութեան ընթացքին օրուան քարոզը ներկայացնող Կանայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահը՝ գերապայծառ Ֆիլիփ Նաամէն, որ դիտել տուաւ թէ կղերականները շատ անգամ կը մոռնան  սովորական  դարձած անառակ որդիի առակին իմաստը։ 

Նման անառակ որդիին

«Անոր նման մենք եւս  մեր Հօրմէն խնդրեցինք ժառանգութեան բաժինը ու զայն վատնեցինք  չարաչար կերպով։ Չարաշահումներու տագնապը այդ վատնումին մէկ արտայայտութիւնն է» ըսաւ գերապայծառ Նաամէ նշելով «Տէրը մեզի վստահեցաւ փրկութեան բարիքներու մատակարարումը իսկ մենք ի՞նչ ըրինք։ Արդարացի կերպով գործեցինք։ Չեմ կարծեր որ կարող ենք այդ հարցումին պատասխանել «այո» ով» յարեց գերապայծառ Նաամէ,  որովհետեւ մենք շատ անգամ մնացինք անշարժ, մեր հայեացքը այլուր դարձուցինք, խուսափեցանք առճակատումէն…մենք դաւաճանեցինք մեր վրայ դրուած վստահութիւնը ու մարդոց չ՛ապահովեցուցինք արդար պաշտպանութիւն, կործանելով անոնց յոյսը՝ ու անոնք  դարձան բռնութիւններու թիրախ՝ մարմնով ու հոգւով։ 

Ընդունիլ սխալական իրավիճակը

Անառակ որդին ամէն ինչ կորսնցուց, ոչ միայն ժառանգութիւնը այլեւ իր ընկերային դասակարգը, իր համբաւը։ Չի զարմանանք ուրեմն եթէ մենք ալ ապրինք այդ նոյն փորձառութիւնը, այլ մտածենք թէ ի՞նչ կարելի է ընել, որովհետեւ մենք ամէնքս եղբայրներ ենք եպիսկոպոսութեան մէջ, ուստի բոլորս ալ ունինք հաւասար պատասխանատուութիւն՝ մէկը միւսին նկատմամբ։  Ո՞րտեղէն սկսիլ։ Նայինք անառակ որդիին, անոր իրավիճակը փոխուեցաւ երբ ան հասկցաւ եւ ընդունեց  իր սխալը ու այդ իր մեղքը ուզեց խոստովանիլ իր հօր, պատրաստ ըլլալով նաեւ այդ խոստովանանքին հետեւանքը ընդունելու։ Ու Հայրը՝ միայն այդ ձեւով է որ կարող եղաւ անառակ որդիին վերադարձին ուրախութիւնը ապրելու։ 

Պատասխանատուութիւն,  հաշիւ տալու պարտականութիւն ու  թափանցիկութիւն։

«Մենք կարո՞ղ ենք այս մէկը ընել» հարց տուաւ միշտ գերապայծառ Նաամէ, «մենք կ՛ուզե՞նք նոյնը կատարել» շեշտեց Ան, դիտել տալով որ ներկայ հաւաքը պիտի բացայայտէ այս մէկը ու այս կը նշանակէ ստանձնել պատասխանատուութիւնը, յանձն առնել հաշիւ տալու պարտականութիւնը ու դիմել թափանցիկութեան։ 

Սիրաշահիլ եղբայրներուն սէրն ու վստահութիւնը

Մեր առջեւ գտնուող ճանապարհը երկար է։ Այս օրերուն հաւաքը բազմաթիւ քայլերու այլ քայլ մըն է։ Պէտք չէ կարծել որ այդ քայլը կատարելով բոլոր դժուարութիւնները փարատեցան։ Անառակ որդին եւս տուն վերադառնալով չի լուծեց իր բոլոր հարցերը։ Ան այժմ պէտք էր սիրաշահիլ իր եղբօր սէրը։ Մենք եւս պէտք է նոյնը ընենք։ Պէտք է դարձեալ սիրաշահինք մեր եղբայրներն ու  քոյրերը, սիրաշահիլ անոցն վստահութիւնը՝ որպէսզի միասին կարողանանք վերահաստատել Աստուծոյ Արքայութիւնը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2019, 19:00