Քահանայապետը ընդունեց Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու  աստուածաբանական երկխօսութեան  յանձնախումբի անդամները։ Քահանայապետը ընդունեց Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները։  

«Միջին Արեւելքը պէտք է դառնայ խաղաղութեան հողամաս» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը ընդունեց Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի անդամները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Որքան քաղցր է եւ որքան վայելուչ է բնակիլ միասին զերդ եղբայրներ». Սաղմոսերգուին այս խօսքերով է որ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի անդամները, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարած էին իրենց 16-րդ հաւաքը եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց հայ երեք նուիրապետութիւններու ներկայացուցիչները՝ Էջմիածինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ու Կաթողիկէ հայոց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններէն։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով միութեան ճանապարհի վրայ ընթացող անոնց ուղեւորութեան համար յիշեց երկու տարի առաջ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայացած յանձնախումբին հերթական ժողովը իր ողջոյնները փոխանցելով Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետերուն։

Արեւելքի ու Արեւմուտքի աստուածաբանական բանաձեւերը զիրար կ՛ամբողջացնեն

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ այդ երկխօսութիւնը ի յայտ կը դնէ թէ ինչպէս Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ «աստուածաբանական բանաձեւերը, փոխանակ հակառակելու, շատ անգամ զիրար կ՛ամբողջացնեն» մաղթանք յայտնելով որ «Խորհուրդներու մասին կայացած ներկայ խորհրդածութիւնները մեզ օգնեն շարունակելու ընթացքը դէպի լիակատար միութիւն եւ Սուրբ Զոհին միասնական մատուցում»։

Ամուսնութեան Խորհուրդը,

Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ այս տարուայ նիւթին՝ Ամուսնութեան Խորհուրդը, վստահութիւն յայտնելով որ յանձնախումբի աշխատանքը պիտի սատարէ Աստուծոյ զաւակներու ընտանիքի բարիքին։

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու տառապանքը  

Անդրադառնալով ապա որ ներկաներէն շատերը  անդամ են Միջին Արեւելքի մէջ  գտնուող եկեղեցիներուն ակնարկեց Միջին Արեւելքի տառապանքին, պատերազմներու, բռնութիւններու ու հալածանքներու պատճառաւ ու այս առընչութեամբ վերյիշեց Պարիի մէջ անցեալ տարի կատարուած Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի ու խորհրդածութեան օրը, մաղթելով որ այդ փորձառութիւնը դարձեալ կրկնուի, ապա Միջին Արեւելքի բոլոր հաւատացեալներուն ուզեց վստահեցնել իր մօտիկութիւնը ու իր յարատեւ աղօթքը ու մաղթեց որ  այդ հողամասը, որ Աստուծոյ փրկարար ծրագրին բացառիկ հողամաս է, խաւարի երկար գիշերէ մը ետք կարողանայ տեսնել խաղաղութեան արշալոյսը։

Միջին Արեւելքը խաղաղութեան հողամաս

«Միջին Արեւելքը պէտք է դառնայ խաղաղութեան հողամաս ու չի կրնար շարունակել ըլլալ հակամարտութիւններու դաշտ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը շեշտելով որ   «Պատերազմը՝ որ ծնունդ է իշխանութեան ո թշուառութեան, իր տեղը զիջի ի նպաստ խաղաղութեան, որ ծնունդ է իրաւունքի ու արդարութեան ու մեր քրիստոնեայ եղբայրները ճանչցուին որպէս այդ երկիրներու լիիրաւ եւ հաւասար իրաւունքներով քաղաքացիներ։

Սուրբերու արիւնը միութեան նշան

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց ակնարկելով եկեղեցիներու սուրբերուն ու նշելով որ անոնց կեանքը խաղաղութեան սերմեր են ու թէ անոնք երկինքէն՝ լիակատար հաղորդութեան մէջ, մեզի եւ մեր ճանապարհորդութեան թիկունք կը կանգնին, որպէսզի յառաջ ընթանանք Տիրոջ Կամքին համաձայն «որպէսզի ամէնքը մի ըլլան»։

«Տէրը մեզ կը կոչէ միութիւնը փնտռելու ու զայն վկայելու մեր կեանքով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ տարբեր եկեղեցիներու մարտիրոսներու հեղած արեան, որպէս յատկանիշ միութեան, Յիսուսին անուան համար միասնական տառապանքին մէջ։

Միասնական աղօթք

Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առաւ ներկաներէն շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները, ապա խնդրեց որ ամէն մին իր լեզուով, միասին աղօթել Հայր մեր աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 11:28