Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Լամպրկինի ինքնաշարժի հասոյթով պիտի նպաստէ Իրաքի մէջ կարգ մը շինարարական աշխատանքներուն:

ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած Լամպրկինի Հուրիքան տիպի սպիտակ ինքնաշարժ մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2017 թուականին, Իտալական Լամպրկինի ինքնաշարժի ընկերութիւնը, ֆրանչիսկոս Պապին նուիրած էր Լամպրկինի Հուրիքան տիպի սպիտակ ինքնաշարժ մը: Այժմ, այդ ինքնաշարժին, աճուրդի կեդրոնին մը մէջ վաճառուած հասոյթով, ֆրանչիսկոս Պապ պիտի նպաստէ Իրաքի Նինւէ շրջանին մէջ «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետկան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Ասորի կաթողիկէներու երկու կառոյցներու շինարարական աշխատանքներուն. Սուրբ Կոյս Մարիամ անուամբ մանկապարտէզ մը, եւ Ժողովրդապետութեան կից գտնուող զբօսավայր մը : Յայտնենք թէ յիշեալ քանդուած կառոյցները կը գտնուին Մուսուլ քաղաքէն 30 քմ հեռաւորութեան Պաշիքա քաղաքին մէջ, որ ամբողջութեամբ քանդուած էր ծայրայեղ մահմետականներուն հակամարտութեան ժամանակ: Այդ քաղաքին մէջ կը բնակի քրիստոնեաներու մեծ թիւով հասարակութիւն մը :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2019, 11:05