Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը «Սուրբ Պետրոսի ակումբ» հիմնարկի անդամներուն

«Սուրբ Պետրոս ակումբ» հիմնարկը ծնունդ առած է 1869-ին, կարգ մը Հռոմէացի երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 28 փետրուարին՝ կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պետրոսի ակումբ բարեսիրական հիմնարկի աւելի քան 400 անդամներ, հիմնարկի հիմնադրութեան 150 ամեակի առիթով:

Այս առթիւ յղած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց բոլոր անոնք որոնք զանազան բարեսիրական գործունէութիւններով կը գործակցին Սուրբ Պետրոսի գանձանակի հիմնարկին հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա անդրադառնալով Սուրբ Պետրոս ակումբ հիմնարկի հիմնադրութեան 150- րդ ամեակին, նշեց որ անիկա ծնունդ առած է 1869-ին, կարգ մը հռոմէացի երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ, որոնք քաջալերուած էին Պիոս Թ Պապին թիկունք կանգնելու բաղձանքէն, ժամանակամիջոցին մը մէջ ուր անհասկացողութիւն կը տիրէր Պետութիւն եւ եկեղեցւոյ միջեւ :
« Երիտասարդներուն այդ հաւատարմութիւնը յայտնաբերուեցաւ Հռոմի աղքատներուն ի նպաստ զօրակցութեան ժեսթերով եւ այդպէսով Սուրբ Պետրոսի հիմնարկը դարձաւ Պապին՝ աղքատ ժողովուրդին երկարող ձեռքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ՝ հիմնարկի 150 տարիներու հոլովոյթին իրագործած եղբայրասիրական գործունէութիւններու համար- ու ակնարկեց այդ բարեսիրական գործունէութիւնները բնորոշող երեք հիմնական յատկութիւններուն՝ Աղօթք, արարք, զոհաբերում :
Խօսելով աղօթքի մասին Սրբազան Պապը յարեց, երբ եղբօր մը մէջ Յիսուս ներկայ է ուրեմն՝ կամաւորական աշխատանքը կրնայ դառնալ Աղօթքի եւ Աստուծոյ փորձառութիւն եւ այս ուղղութեամբ յորդորեց ներկաները երբեք չմոռնալ Աղօթքի կարեւորութիւնը դիտել տալով որ իւրաքանչիւր ծրագիրի արդիւնաբերութիւնը կախեալ է Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութենէ եւ Յիսուսի հետ առանձնական յարաբերութիւնէ:

Նորին Սրբութիւնը ապա արժեւորելով հիմնարկի բարեսիրական գործունէութիւնները- յատուկէն Հռոմի աղքատ ժողովուրդներու նկատմամբ քաջալերեց ներկաները շարունակելու այդ ուղղութեամբ իրենց գործը՝ ամէն աղքատ անհատի նկատմամբ որ արժանի է մեր հոգածութեան ըսաւ Ան անկախ աղքատին կրօնակական , ցեղային պատկանելիութենէն:
Ինչ կը հայի զոհաբերումին ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ Սուրբ Պետրոսի հիմնարկը երկար տարիներէ ի վեր ներկայ է Հռոմի ընկերային խաւէն ներս եւ հիմնարկը երբեք չէ կորսնցուցած Աւետարանի գաղափարախօսութիւնն ու կենսունակութիւնը որ այսօր եւս յարմար հիմնարկ մըն է հիւրընկալութեան եւ եղբայրասիրական առաքելութեան բնագաւառներէն ներս:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի անդամներուն, ամէն տարին Սուրբ Պետրոս գանձանակը իրեն յանձնելնուն համար , այս արարքը նկատելով շօշափելի մասնակցութիւն Սուրբ Աթոռի առաքելութեան, պատասխանելու համար աղքատ երկիրներուն մէջ աճ արձանգրող եկեղեցւոյ հրատապ պահանջներուն:
Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Տիրամօր հովանին ներկաներուն ու անոնք բարի ծրագիրներուն համար խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2019, 12:16