Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պենեւենթօ թեմին հաւատացեալները:

Հայր Փիոն զատորոշուած էր Աստուծոյ հանդէպ ամուր հաւատքով, երկնային իրականութեան նկատմամբ զօրաւոր յոյսով, ժողովուրդին հանդէպ վեհանձն նուիրումով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 20 փետրուար 2019-ին՝ առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ընդունեց Իտալիոյ Պենեւենթօ թեմէն աւելի քան 2500 հաւատացեալներ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց տուած փոխ այցելութեան համար, ի տես անցեալ 17 մարտ 2018-ին, Փատրէ Փիոյին մնայուն վէրքերուն յայտնաբերման 100 ամեակի եւ Սուրբին մահուան 50 ամեակին առթիւ Սուրբին ծննդավայր տուած այցելութեան:

Ան ապա երախտագիտութիւնը յայտնեց Փիթերալչինա քաղաք այցելութեան ընթացքին իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար, մաղթելով որ այդ հոգեւոր եւ եկեղեցական իմաստներով լի այցելութեան յիշատակը,  իւրաքանչիւր հաւատացեալին մէջ վերակենդանացնէ հաւատքի կեանքը ՝հիմնուած Փատրէ Փիոյին ուսուցումներուն վրայ :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց Փատրէ Փիոյին վրայ յարելով թէ Սուրբը զատորոշուած է Աստուծոյ հանդէպ ամուր հաւատքով, երկնային իրականութեան նկատմամբ զօրաւոր յոյսով, ժողովուրդին հանդէպ վեհանձն անձնուիրութեամբ եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատարմութեամբ, որ միշտ սիրած է զայն իր բոլոր հարցերով ու դժուարութիւններով : «Հայր Փիոն եկեղեցին սիրեց այնպէս ինչպէս որ էր, զայն չկործանեց իր լեզուով, ինչպէս վերջերս նոյոյթ դարձած է» ըսաւ
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց հաւատացեալները Աստուծոյ սէրը առ աւելիով ըմբռնելու եւ ընկալելու, նկատելով զայն աղբիւր եւ պատճառ իսկական ուրախութեան, ընդգծելով որ բոլորս կանչուած ենք կեանքը փոխող այդ սէրը նուիրելու՝ մասնաւորապէս դիւրաբեկներուն եւ կարիքաւորներուն:

Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ որ իւրաքանչիւր անհատ տարածելով աստուածային սէրը կը նպաստէ՝ արդար եւ ամուր աշխարհի կառուցման, յորդորելով հաւատացեալները , հետեւելու Փատրէ Փիոյին օրինակին՝ եւ երբեք չի յոգնին Քրիստոսի ապաւինելու ինչպէս նաեւ կեանքի վկայութեամբ Յիսուսի բարութիւնն ու ողորմածութիւն հռչակելու։
«Գացէք վկայեցէք, կարեւոր չեն խօսքերը: Սկսեցէք վկայելով, ապրեցէք որպէս քրիստոնեաներ, վկայելով, թէ սէրը աւելի գեղեցիկ է քան ատելութիւնը, թէ բարեկամութիւնը աւելի շքեղ է քան թշնամութիւնը, թէ բոլորիս միջեւ եղբայրութիւնը աւելի գեղեցիկ է քան պատերազմը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  Խօսքը աւարտեց, ներկաներուն, անոնց հարազատներուն, հասարակութիւններուն եւ համայն Պենեւենթօ թեմին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2019, 09:48