Քառասնորդաց Քառասնորդաց  

Ֆրանչիսկոս Պապի քառասնորդացի պատգամը՝ ապաշխարութեան կարիքի հրամայականը:

«Որովհետեւ, արարածները անհամբեր կը սպասեն Աստուծոյ Որդիներու յայտնութեան» (Հռոմ 8, 19):

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 26 փետրուարին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, 2019 տարուան Քառասնորդացի խոհրդածութեան նիւթը:
Խորհադածութեան սկիզբը Սրբազան Հայրը նկատել կու տայ որ ամէն տարի Մայր եկեղեցւոյ միջոցաւ, Աստուած կը շնորհէ, որ հաւատացեալները, մաքրուած Սուրբ Հոգիին մէջ, ուրախութեամբ պատրաստուին Սուրբ Զատիկի տօնախմբութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Փրկագործութեան խորհուրդը

Նորին Սրբութիւնը խոհրդածութեան նիւթ կ՚ընտրէ Պօղոս Առաքեալի Հռոմէացիներուն ուղղած թուղթէն պատգամը՝ «Որովհետեւ, արարածները անհամբեր կը սպասեն Աստուծոյ որդիներու յայտնութեան» (Հռոմ 8, 19): Ան կը կեդրոնանայ Փրկագործութեան խոհրուդրին վրայ, նշելով որ Փրկագործութեան խորհուրդը ի զօրու է արդէն իսկ երկրաւոր կեանքին մէջ: Փրկագործութեան խորհուրդը զօրութենական գործընթաց մըն է, որ կը նեռարէ ե՛ւ պատմութիւնը ե՛ւ ստեղծագործութիւնը:

Սրբազան Հայրը ապա նկատել կու տայ որ Սուրբ Զատիկի՝ Յիսուսի չարչարանքներու, մահուան եւ Յարութեան տօնակատարութիւնը, հրաւէր մըն է՝ ապրելու այն գիտակցութեամբ, թէ Քրիստոսի պատկերին մեր կերպարանակից ըլլալը՝ Աստուծոյ ողորմածութեան թանկարժէք պարգեւն է:

Ան ապա դիտել կու տայ, որ երբ մարդը կ՝ապրի իբրեւ Աստուծոյ Որդի, երբ մարդը կ՝ապրի իբրեւ փրկուած անձ, թոյլ կու տայ որ Սուրբ Հոգին զինք առաջնորդէ. այդ մարդը ապա գիտակցօրէն կը որդեգրէ Աստուծոյ օրէնքը՝ սկսեալ իր սրտի եւ բնութեան մէջ արձանագրուած օրէնքէն. ան բարիք կ՝ընէ նաեւ ստեղծագործութեան, կը գործակցի ստեղծագործութեան փրկութեան  եւ այս պատճառով է որ Սուրբ Պօղոս կը գրէ «արարածները անհամբեր կը սպասեն Աստուծոյ որդիներու յայտնութեան»՝ այսինքն բոլոր այն մարդոց, որոնք կը վայելեն Յիսուսի Սուրբ Զատկուան խորհուրդի շնորհքը եւ լիուլի կ՝ապրին անոր պտուղները, եւ որոնք նախասահմանուած են հասնելու իրենց ամբողջական հասունութեան՝ մարդկային մարմնի փրկագործութեան մէջ:
Սրբազան Հայրը խորդհածութեան մէջ նկատել կու տայ որ երբ Քրիստոսի սէրը կը կերպանափոխէ սուրբերուն կեանքը՝ միտքը, հոգին եւ մարմինը, այդ սուրբերը Աստուած կը փառաբանեն՝ աղօթքի, խոկումի եւ արուեստի միջոցաւ եւ ասոր մէջ կը ներգրաւեն նաեւ ստեղծագործութիւնը:

Մեղքին բացասական ուժը

Սակայն, կը զզուշացնէ Սրբազան Հայրը, այս աշխարհի մէջ, փրկագործութենէն ծնունդ առած համերաշխութիւնը միշտ խաթարուած է, մահուան եւ մեղքի բացասական ուժի պատճառաւ:
Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով մեղքի կործանիչ ուժին վրայ նկատել կու տայ, որ երբ չենք ապրիր իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, եւ միշտ կը որդեգրենք կործանիչ վերաբերմունք՝ ուրիշին եւ այլ արարածներու հանդէպ, եւ նոյնինքն մեր անձին հանդէպ, սկիզբ կ՝առնեն անժուժկալութեան չարիքները, եւ չարիքները մեզ կ՝առաջնորդեն որդեգրելու ապրելակերպ մը, որ կը խախտէ բոլոր այն սահմանները, որոնք, ինչպէս մեր մարդկային կեանքն ու բնութիւնը մեզմէ կը պահանջեն, պէտք է յարգուին. եւ ապա կը հետեւինք անզուսպ ցանկութիւններուն, որոնք Իմաստութեան գրքին մէջ վերագրուած են այն բոլոր մարդոց, որոնք իրենց արարքներուն համար չեն ունեցած Աստուած որպէս հայեցակէտ եւ թերահաւատ են ապագայի նկատմամբ:
Սրբազան Հայրը նկատել կու տայ, թէ քաջ գիտենք որ ամէն չարիք հետեւանքն է մեղքին: Մեղքը մարդուն մէջ յայտնաբերուելէ ետք «դադրեցուց Աստուծոյ հետ հաղորդութիւնը, դադրեցուց հաղորդութիւնը ուրիշներու եւ ստեղծագործութեան հետ, որուն հետ կապուած ենք մեր մարմնին միջոցաւ:Աստուծոյ հետ հաղորդութիւնը խզելէ ետք ի յայտ եկաւ համերաշխ յարաբերութեան անկումը մարդ էակներուն ինչպէս նաեւ կենսոլորտի հանդէպ, որուն մէջ ապրելու կոչուած ենք:

Այսպիսով դրախտը, կերպարանափոխուեցաւ անապատի (հմմտ. Ծննդ 3,17-18) կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, թէ սա կը հայի այն մեղքին, որ մարդը կ՝առաջնորդէ ինքզինք ստեղագործութեան աստուած նկատելու. ինքզինք ստեղծագործութեան կատարեալ տէրը զգալու եւ զայն շահագործելու ոչ այն նպատակին համար, որ Աստուած կամեցաւ, այլ իր սեփական շահերուն համար՝ արարծներուն եւ ուրիշներուն հաշւոյն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կ՝ընդգծէ. «Երբ Աստուծոյ օրէնքը կը լքուի, սիրոյ օրէնքը կը լքուի, այն ժամանակ կը հաստատուի ամենէն զօրաւորին օրէնքը՝ պարտադրուած տկարներուն վրայ: Մեղքը, որ մարդուն սրտին մէջ կը բնակի կ՝առաջնորդէ ստեղծագործութեան, անհատներու եւ կենսոլորտի չարաշահումին, յագեցնելու նպատակով անյագ քմահաճոյքը, որ ամէն բաղձանք կը նկատէ իրաւունք:»

Ապաշխարութեան եւ ներումի բուժիչ ուժը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրամայական նկատելով ապաշխարութեան կարիքը, կը գրէ թէ ստեղծագործութիւնը հրատապ կարիքն ունի՝ որ յայտնուին Աստուծոյ զաւակները, այսինքն անոնք որոնք նոր արարածներ դարձան։ Ան կը մէջբերէ Սուրբ Պօղոսի խօսքը «եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, նոր արարարծ է. որովհետեւ հինը անցաւ եւ հիմա ամէն ինչ նոր եղաւ» (Բ.Կորնթ 5 , 17):
Դէպի Սուրբ Զատիկ ուղեւորութիւնը հրաւէր է մեր դիմագիծը եւ քրիստոնեաներուս սիրտը վերանորոգելու՝ ապաշխարութեան, դարձի եւ ներումի միջոցաւ, ապրիլ կարենալու համար Սուրբ Զատկուան խորհուրդին ամբողջ հարստութիւնը:
Համայն արարչագործութիւնը հրաւիրուած է, մեր հետ միասին, դուրս գալու «ապականութեան ծառայութենէն՝ Աստուծոյ որդիներու փառքի ազատութեան հասնելու համար» (Հռոմ 8, 21)։

Քառասնորդացը խորհուրդենական նշանն է այս ապաշխարութեան:

Քառանոդացը հրաւէր է քրիստոնեաներուն՝ յաւելեալ աշխուժութեամբ եւ առարկայականութեամբ մարմնացնելու Սուրբ Զատկուան խորհուդը սեփական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքէն ներս՝ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ողորմաբաշխութեան միջոցաւ:

Ծոմապահութիւն - այսինքն փոխել մեր կեցուածքը՝ ուրիշներուն եւ արարծներուն նկատմամբ. մեր որկրամոլութիւնը յագեցնելու փորձութիւնը վերածելով սիրոյ համար տառապելու կարողականութեան, որ կը լիացնէ մեր սրտի դատարկութիւնը։

Աղօթել - որպէսզի գիտնանք հրաժարիլ մեր եսին կռապաշտութենէն եւ ինքանբաւութենէն, եւ մենք մեզ նկատենք իբր կարիքաւորներ Տիրոջ ու Անոր ողորմածութեան:

Ողորմաբաշխութիւն կատարել - դուրս գալու համար ամէն ինչ մեր աձին համար կուտակելու եւ ապրելու անմտութենէն, պատրանքն ապրելով ապահով ապագայի մը, որ մեզի չի պատկանիր: Ահա այսպէս վերագտնել Աստուծոյ ծրագրին ուրախութիւնը, զոր Աստուած զետեղեց ստեղծագործութեան եւ մեր սրտին մէջ, այսինքն՝ Զինք սիրել, սիրել մեր եղբայները, սիրել համայն աշխարհը, եւ այս սիրոյ մէջ գտնել իսկական երջանկութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2019, 13:34