Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ 21 Յունիսին Նափոլի կը մեկնի։

Սրբազան ՊԱպը Նափոլի կը մեկնի մասնակցելու «Veritatis Gaudium էն ետք Աստուածաբանութիւնը Միջերկրականի բնագաւառէն ներս» բնաբանով հաւաքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 21 Յունիս 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Նափոլի կը մեկնի մասնակցելու համար « Veritatis Gaudium էն ետք Աստուածաբանութիւնը Միջերկրականի բնագաւառէն ներս» բնաբանով հաւաքին։ Լուրը կը յայտարարէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի որ կը տեղեկացնէ նաեւ որ Հաւաքը կազմակերպուած է Նափոլիի Աստուածաբանութեան մասնաճիւղի Քահանայապետ ական կաճարի կողմէ։

Նորին Սրբութեան միօրեայ այցելութեան յայտագիրը կը նախատեսէ Ֆրանչիսկոս Պապին Նափոլի ժամանումը  առաւօտեան 9-ին։ Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորեն ի մէջ այլոց Նափոլիի Արքեպիսկոպոսը կարդինալ Քրեշենցիօ Սեփէ եւ Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը Հայ Արթուրօ Սոզա Ապասքալը։

Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Համալսարանի շրջանաբակին մէջ որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ճառ մը կ՛ուղղէ ներկաներուն հուսկ կէսօրուայ ճաշէն ետք կը վերադառնայ Հռոմ։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Veritatis Gaudium առաքելական սահմանադրութիւնը հայող համալսարաններուն ու եկեղեցական կաճարներուն լոյս տեսաւ անցեալ 29 Յունուար 2018-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2019, 12:29