Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «կեանքի ի նպաստ շարժումի» իտալական անդամներուն:

Դաշնութեան նպատակն է պաշտպանել իւրաքանչիւր մարդ անհատի կեանքն ու արժանապատուութիւնը՝ սաղմէն մինչեւ բնական մահ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 2 փետրուարին՝ կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «կեանքի ի նպաստ շարժումի դաշնութեան վարչական խորհուրդին անդամները:

Կեանքի ի նպաստ շարժումի դաշնութիւնը կազմուած է աւելի քան 600 տեղական շարժումներէ, կեանքի ծառայութեան ի սպաս կեդրոններէ եւ Իտալիոյ մէջ գործող հիւրընկալական բնակարաններէ:

Դաշնութեան նպատակն է պաշտպանել իւրաքանչիւր մարդ անհատի կեանքն ու արժանապատուութիւնը՝ սաղմէն մինչեւ բնական մահ, զարգացնելով տկարներու եւ անպաշտապաններուն նկատամբ՝ հիւրընկալութեան մշակոյթը:

Ունկնդրէ լուրը

Ներկաներուն ուղղած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կեանքի ի սպաս համաշխարհային 41-րդ օրուան, նշելով որ այդ օրը հաստատուած է Իտալացի Եպիսկոպոսներուն կողմէ, լուսարձակի տակ առնելու համար մարդկային առաջնակարգ արժանիքն ու հիմնական պարտականութիւնը՝ սաղմէն սկսեալ մինչեւ բնական աղօտում:

Սրբազան Հայրը այս առնչութեամբ կարգ մը թելադրանքներ կատարեց ըսելով «հոգ տանիլ կեանքին կը պահանջէ, որ այս հոգածութիւնը կատարուի կեանքի բոլոր տեւողութեան ՝սկիզբէն մինչեւ վերջ: Հոգ տանիլ կեանքին կ՝ենթադրէ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել կեանքի բոլոր պայմաններուն վրայ . առողջապահութիւն, կրթութիւն, աշխատանքի հնարաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ այն բոլոր իրողութիւնները , որոնք մարդուն թոյլ կու տան արժանավայել կերպով ապրելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա գնահատեց կեանքի ի սպաս շարժումներուն դաշնութեան, դպրոցներու մէջ առաջարկած, եւրոպական մրցոյթի նիւթը «Ես հոգ կը տանի քեզի. Մայրութեան տիպարը» դիտել տալով որ այս նիւթը հրաւէր է ակնարկելու՝ յղիութեան, ծննդաբերութեան, ոչ որպէս ֆիզիքական գործողութիւն, այլ որպէս յարաբերութեան եւ հաղորդութեան երեւոյթ, կինը մանուկին միացնող երեւոյթ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ դիտել տուաւ, որ կեանքը իր ծաղկումին սկիզբը կամաւոր կերպով ընդհատելը, ամէն պարագային կը նկատուի մեր կոչումին հանդէպ  դաւաճանութիւն.  դաւաճանութիւն այն սերունդներու միջեւ գոյացած համաձայնութեան, որ թոյլ կու տայ յոյոսով յառաջ նայելու: Ան ապա հաստատեց ըսելով. «Ուր կեանք կայ, կայ Յոյս: Բայց՝ նոյնինքն կեանքը, երբ իր ծաղկումէն իսկ կը խախտուի, ուրեմն կեանքն ալ եւս կը վերածուի սպառումի բարիքի մը, օգտագործելով զայն մեզի եւ ուրիշներուն համար»:

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց կեանքի ի սպաս շարժումի մաս կազմող երիտասարդներուն նշելով որ երիտասարդներու ներկայութիւնը սփոփանքի նշան է նաեւ հարստութիւն՝ կեանքի շարժումին, եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան :

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց շարժումի կողմէ վաղուց յայտարարուած եւ ի գործ դրուած կապուածութիւնը՝ Կաթողիկէ հաւատքի եւ եկեղեցւոյ , որոնց Յիսուսի Քրիստոսի ակնյայտ եւ քաջ վկաների կը դարձնէ:

Ի Վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ, ի տես կիրակի 3 փետրուարին նշուելիք կեանքի ի սպաս համաշխարհային օրուան, կոչ ուղղեց, բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւններուն, որպէսզի անոնք՝ անկախ իրենց դաւանած հաւատքէն, հասարակաց բարիքի համար, առաջին քարը զետեղեն, պաշտպանելով բոլոր անոնց կեանքը որոնք տակաւին պիտի ծնին եւ մուտք պիտի գործեն ընկերութեան մէջ, որուն պէտք է նորութիւն,  ապագայ եւ յոյս ներշնչել: Ան կոչ ուղղեց որպէսզի քաղաքական անձնաւորութիւնները իրենք զիրենք պայմանաւորուած չզգան այն տրամաբանութենէ, որ կը ձգտին անձնական յաջողութիւններու այլ նային դէպի հեռու եւ սրտով նային բոլորին։

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուծմէ, որ կեանքի ի սպաս համաշխարհային օրը, մաքուր օդ բերէ , առիթ ընծայէ խոկալու եւ ու վեհանձնութեամբ յանձնառու գտնուելու՝ սկսեալ ընտանիքներէն եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց պաշտօններու բերումով կը գործեն կեանքի ծառայութեան ի սպաս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2019, 12:30