Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ափրիկէի Միսիոնարներու միաբանութեան անդամները Վատիկանի մէջ։

«Աւետարանի թափառականներ» որոնք վախ չունին երթալու անապատներ ու ջանալու առաջնորդել եղբայրները դէպի ովասիսը որ նոյնինքն Տէրն է
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 8 փետրուար 2019-ին Վատիկանի Քլեմենթինա Դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Ափրիկէի Միսիոնարներ ու Ափրիկէի Տիրամօր Միսիոնարուհիներ միաբանութիւններու անդամներուն, միաբանութեան հիմնադրութեան 150 ամեակին առթիւ։

Կանչուած էք՝ վիրաւորներուն, յուսալքուածներուն ու հեծուածներու սրտին մէջ սերմանելու յոյսը

Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ այդ միաբանութեան շնորհիւ Եկեղեցւոյ պարգեւած շնորհքներուն համար, որուն անդամները կանչուած են՝ վիրաւորներուն, յուսալքուածներուն ու հեծուածներու սրտին մէջ սերմանելու յոյսը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով միաբանութեան արմատներուն ու միաբանութեան հիմնադիր Կարդինալ Լավիժերին, որուն առաջնահերթ առաքելութիւնն էր «Յիսուս Քրիստոսի բարեկամութիւնն ու մխիթարութիւնը առաջարկել անոնց որոնք կ՛ապրին առանց կեանքի մը հեռանկարին»։

«Աւետարանի թափառականներ»

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հաստատեց թէ «միայն Յիսուսին համար Յիսուսին հետ ու Անոր մէջ է որ կ՛ապրի առաքելութիւնը,» քաջալերելով ներկաները իրենց հայեացքը մշտապէս սեւեռած պահելու Յիսուսին վրայ ու չմոռնալու որ«իսկական առաքեալը նախ եւ առաջ աշակերտ է» յարեց Սրբազան Պապը զանոնք նկատելով «Աւետարանի թափառականներ» որոնք վախ չունին երթալու այս աշխարհի անապատներուն մէջ ու ջանալու առաջնորդել եղբայրները դէպի ովասիսը որ նոյնինքն Տէրն է. Որպէսզի անոր կենդանարար սիրոյ ջուրը յագեցնէ անոնց ծարաւը»

Սրբազան Պապը խրախուսեց ներկաները վախ չունենալու եւ յանձն առնելու արկածախնդրութիւնը իրենց առաքելութեան ուղիներուն վրայ վկայելու համար Աստուծոյ մշտական նորութիւնը որ մեզ կը մղէ միշտ վերսկսելու ու մղուելու դէպի արուարձաններ։

Կամուրջ կառուցողներ ու հանդիպման մշակոյթ խթանողներ

Թող որ Սուրբ Հոգին ձեզ դարձնէ մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցողներ եւ այնտեղ ուր Տէրը ձեզ կոչեց առաքելութեան՝ դուք սատարէք խթանելու համար հանդիպումի մշակոյթը, դուք ձեզ դնելու երկխօսութեան ծառայութեան տակ, յարգելով տարբերութիւնները, ու միւսներուն զանազանութենէն քաղելու հարստութիւն»։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա ներկաներուն իսլամներու  հետ երկխօսութեան ուղիով տարած աշխատանքին համար ինչպէս նաեւ՝ հասարակաց տան նկատմամբ հոգատարութեան որ ի յայտ կու գայ  իրենց պարզ ապրելակերպի միջոցաւ։

Սերմանել Յոյսը

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւն յորդորեց որ իրենց հիմնադիր կարդինալ Լավիժերի հետքերով ընթանան ու սերմանեն յոյսը, պայքարելով այսօրուայ ստրկութեան բոլոր ձեւերուն դէմ, մօտիկ ըլլալով փոքրերուն ու աղքատներու ու բոլոր անոնց որոնք կը սպասեն որ իրենց արժանապատուութիւնը ճանչցուի, ընկալուին, պաշտպանուին ու առաջնորդուին եւ ընդելուզուին»

Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց՝ Ափրիկէի Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութեամբ բոլոր ներկաները յանձնելով Տիրոջ ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2019, 12:30