Որոնել

«Վախէ ազատ՝ ընկալող հասարակութիւններ» «Վախէ ազատ՝ ընկալող հասարակութիւններ»  

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կը կատարէ «Վախէ ազատ՝ ընկալող հասարակութիւններ» բնաբանով համահաւաքին։

15 – 17 փետրուար 2019-ին Հռոմի Սաքրոֆանօ շրջանին մէջ կազմակերպուած է «Վախէ ազատ ընկալող հասարակութիւններ» բնաբանով համահաւաքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15 – 17 փետրուար 2019-ին Հռոմի Սաքրոֆանօ շրջանին մէջ գտնուող «Fraterna Domus» կեդրոնին մէջ կազմակերպուած է «Վախէ ազատ ընկալող հասարակութիւններ» բնաբանով համահաւաք մը՝ նախաձեռնութեամբ, Իտալական Քարիթասին, Միկրանթէս Հիմնարկին եւ Ազդալլի կեդրոնին։

Համահաւաքը նուիրուած է այն ընտանիքներուն, ընկերակցութիւններուն ու ժողովրդապետութիւններուն որոնք Իտալիոյ մէջ յանձնառու են գաղթականներու հիւրընկալութեամբ եւ որոնք ըստ Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերուն «կենսունակ կը պահեն եղբայրական զօրակցութեան հոգին» որ երկար ժամանակէ ի վեր յատկանշած է երկիրը։

Համահաւաքին կը մասնակցին նաեւ Սքալապրինեան միաբանութեան ընտանիքը որ տարիներէ ի վեր կը գործէ գաղթականներու ի նպաստ՝ անոնց տրամադրելով ընդելուզումի ծրագիր։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ համահաւաքի բացման արարողութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ ուրբաթ 15 փետրուարի յետմիջօրէին, այցելութիւն պիտի տայ Սաքրոֆանոյի «FRATERNA DOMUS» կեդրոնին, այնտեղ մատուցելով համահաւաքի բացման Սուրբ պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2019, 09:39