Որոնել

Մարոք ճամբորդութեան խորհրդանշանը Մարոք ճամբորդութեան խորհրդանշանը 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք ճամբորդութեան յայտագիրը։

Նորին Սրբութիւնը Մարոքը կ՛այցելէ 30 եւ 31 մարտ 019-ին։

Յառաջիկայ 30 եւ 31 Մարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Մարոք  ուր պաշտօնական հանդիպումներու շարքին 30 մարտին Սրբազան Պապը հազիւ Մարոք ժամանած քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Մարոքի Թագաւոր՝ Մոհամմատ Զին. Ապա կը հանդիպի Մարոքցի ժողովուրդին, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, հուսկ կ՛այցելէ Մոհամմատ Ե յուշահամալիրը եւ առաջին օրուայ յայտագիրը կ՛եզրափակէ Քարիթասի մօտ խնամուած գաղթականներուն հետ հանդիպումով։

31 Մարտին Սրբազան Պապը առաջին հանդիպումը կ՛ունենայ «Թեմարա» անուամբ ընկերային ծառայութիւններու գիւղական կեդրոնին մէջ որմէ ետք՝ Ռապաթի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ  կը հանդիպի երկրին կղերական դասին ու Եկեղեցիներու համամիութենական Խորհուրդի անդամներուն հետ։ Ապա յետմիջօրէին կը հանդիսապետէ ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագին որուն աւարտին կ՛ուղղուի օդակայան ու այնտեղ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ վերջ տալով միջազգային 28-րդ առաքելական ճամբորդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2019, 12:03