Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Սոզա Արթուրօ: Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Սոզա Արթուրօ:  

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին:

Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Արթուրօ Սոզային յղած նամակին մէջ ֆրանիսկոս Պապ թուելով Յիսուսեան միաբանութեան առաքելութեան յայտագիրի իր նախընտրութիւնները նշած է հետեւեալ չորս կէտերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

6 փետրուար 2019 թուակիր նամակով մը, ֆրանչիսկոս Պապ իր նախընտրութիւնները յայտնած է Յիսուսեան միաբանութեան 2019-2029 ժամանակաշրջանի, առաքելական նախընտրութիւններուն շուրջ
Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Արթուրօ Սոզային յղած նամակին մէջ ֆրանիսկոս Պապ թուելով Յիսուսեան միաբանութեան առաքելութեան յայտագիրի իր նախընտրութիւնները նշած է հետեւեալ չորս կէտերը
«Զատորոշում եւ հոգեւոր կրթութիւն, ընթանալ աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն հետ, ընկերանալ երիտասարդներուն ի վերջոյ հոգալ հասարակաց տան»:
Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ շեշտած է թէ առաջին նախընտրութիւնը՝ «հոգեւոր կրթութիւնը» իր նախընտրութիւններէն ամենէն կարեւորն է որովհետեւ անիկա կը համապատասխանէ Յիսուսեան միաբանութեան առաքելական հոգիին:

Նորին Սրբութիւնը նամակը աւարտած է միաբանութեան անդամներուն վստահեցնելով իր աղօթքները ու իր կարգին անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 12:28