Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  

Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածամօր յանձնեց Արաբական Էմիրութիւններու առաքելական ճամբորդութիւնը։

Ճամբորդութիւն մը որ յատկանշուած է երկու կարեւոր հանդիպումներով, իսլամ աշխարհի եւ քրիստոնեայ հասարակութեան հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Արաբական Էմիրութիւններ կատարելիք պատմական առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, շաբաթ՝2 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ Հռոմի Աւագ Տիրամօր նուիրուած տաճար եւ այնտեղ պահպանուած «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի - Հռոմի Ժողովուրդի փրկութիւն» Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ պահ մը սփոփուեցաւ անոր յանձնելու համար առաքելական միջազգային 27-րդ ճամբորդութիւնը որ սկիզբ կ՛առնէ կիրակի 3 փետրուարին ու վերջ պիտի գտնէ երեքշաբթի 5 փետրուարին։

Ճամբորդութիւն մը որ յատկանշուած է երկու կարեւոր հանդիպումներով, առաջինը իսլամ աշխարհի հետ, իսկ երկրորդը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ քրիստոնեայ հասարակութեան հետ որ մեծամասնութեամբ կազմուած է գաղթականներէ, որոնք արաբական թերակղզի հասած են աշխատանքի փնտռտուքի բերումով եւ որոնք մեծ ուրախութեամբ կը սպասեն Նորին Սրբութեան ժամանումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2019, 09:00