Ֆրանչիսկոս Պապ տաճար այցելութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ տաճար այցելութեան ժամանակ 

ֆրանչիսկոս Պապ Ապու Տապիի մէջ այցելեց «Սուրբ Յովսէփ» մայր տաճարը:

Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ մեծ ուրախութեամբ հաւատացելաներուն կողմէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 5 փետրուար 2019-ին, Արաբական միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հրապարակային Սուրբ Պատարագ մատուցանելէ առաջ, տեղական ժամացոյցով առաւօտեան 9,15ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Սուրբ Յովսէփ անուան մայր տաճար:

Տաճար ժամանումին,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մեծ ոգեւորութեամբ ու հրճուանքով դիմաւորուեցաւ տաճարին մէջ ներկայ աւելի քան 300 հաւատացեալներու կողմէ:

Հարաւային Արաբիոյ առաքելական փոխանորդ Գերապայծառ Փօլ Հինտեր, Սրբազան Պապին ներկայացուց  հաւատացեալներու հասարակութիւնը ու Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով զանոնք,  հաստատեց թէ իրեն համար մեծ ուրախութիւն է երիտասարդ եկեղեցիները այցելել, ինչպէս է պարագան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եկեղեցւոյ:  Ան  ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն, անոնց տուած վկայութեան համար:

Յայտնենք թէ Սուրբ Յովսէփ անուան մայր տաճարը,  Արաբական Միացեալ էմիրութիւններուն մէջ  կաթողի երկու եկեղեցիներէն մէկն է :

Տաճարը  կառուցուած է 1962 թուականին,  Ապու Տապիի կառավարիչ՝  Շեյխ Շաքպութի կողմէ նուիրուած հողամասին վրայ : Եկեղեցւոյ կառուցման առաջին քարի օրհնութիւնը տեղի ունեցած է  1964ին, ապա 19 փետրուար 1965-ին, եկեղեցւոյ օծման եւ բացման արարողութիւնը:

25 փետրուար 1983-ին, Սուրբ Յովսէփ եկեղեցին կ՝արժանանայ «Մայր Տաճար»  տիտղոսին, ապա կը տրամադրուի  Արաբական Սաուտիայի մէջ առաքելական փոխանորդի ծառայութեան:   

Վերջին տուեալներու համաձայն Սուրբ Յովսէփի մայր տաճար  կը յաճախեն աշխարհի զանացան վայրերէն ժամանած աւելի  քան 100 հազար կաթողիկէ հաւատացեալներ:  Եկեղեցւոյ մէջ արարողութինները կը կատարուին Արաբերեն լեզուէ զատ Անգլերէն, ֆրանսերէն, Մալայալամերէն, Սենակելէնէ Ուրտու եւ թամիլ լեզուներով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2019, 09:48