Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական Միացեալ էմիրութիւններէն հրապարակած թուիթները:

Նորին Սրբութեան թուիթըր կայքին վրայ արձանագրած գրութիւնները՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած ճամբորդութեան ընթաքցին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

3-էն – 5 փետրուար 2019-ին, Արաբական միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցելութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց զանազան թուիթներ որոնց շարքին Երկուշաբթի՝ 4 փետրուարին հրապարակած երեք թուիթներ:

Առաջինին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով խաղաղութեան կերտումին գրած է «Աստուած, խաղաղութիւն որոնող մարդուն կողքին կը գտնուի: Երկինքէն կ՝օրհնէ, աշխարհին մէջ այս ուղիին վրայ կատարուած ամէն քայլ»:

Երկրորդ թուիթին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝անդրադառնայ միասնական յայտարարութեան փաստաղուղթին՝ զոր ստորագրուեցաւ իր եւ Ալ Ազհարի աւագ իմամին կողմէ։ Սրբազան Հայրը կը գրէ «Մարդկային եղբայրութեան հայող փաստաթուղթը զոր այսօր Ապու Տապիի մէջ ստորագրեցի իմ եղբօր Ալ Ազհար աւագ իմամին հետ, Աստուծոյ ու մարդկային եղբայրութեան մէջ հաւատքը իրենց սրտին մէջ կրող բոլոր անձերը կը հրաւիրէ իրարու միանալու ու միասին գործելու»

Մինչ երրորդ թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը կարեւորէ աղօթքը որ «կը բիւրեղացնէ սիրտը՝ ինքնահաւանութենէն» կը գրէ Սրբազան Հայրը հաստատելով որ «Սրտանց կատարուած աղօթքը՝ եղբայրութեան կազդուրիչ է»:

Իսկ՝ Երեքշաբթի 5 փետրուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիններ այցելութեան վերջին օրը՝ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին, որուն այս տարի կը յիշատակուի Սուլթան Ալ Մալիք ալ Քամիլի հետ ունեցած հանդիպումին 800 ամեակը, Նորին Սրբութիւնը գրեց «Սուրբ Ֆրանչիսկոս մեզի կը յիշեցնէ , որ քրիստոնեան կը մեկնի զինուած՝ լոկ իր խոնարհ հաւատքով եւ շօշափելի սիրով: Եթէ աշխարհին մէջ ապրինք Աստուծոյ ձեւին համաձայն կը դառնանք Անոր ներկայութեան ջրանցքները :»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2019, 13:30