Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կ՛երթամ որպէս եղբայր մը» սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 27րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։

Այդ երկիրը կ՛երթամ որպէս եղբայր, միասին գրելու համար երկխօսութեան նոր էջ մը ու միասին քալելու համար խաղաղութեան ուղիներուն վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը մեկնիմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այդ երկիրը կ՛երթամ որպէս եղբայր, միասին գրելու համար երկխօսութեան նոր էջ մը ու միասին քալելու համար խաղաղութեան ուղիներուն վրայ։ Աղօթեցէք ինծի համար» քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակած  սոյն թուիթով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ քահանայապետութեան 27-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան որ զինք կ՛առաջնորդէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ որպէս խաղաղութեան ու կամուրջ կառուցող պատգամաւոր։

Կիրակի 3 փետրուար 2019-ի կէսօրին արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներէն, անոնցմէ խնդելով որ աղօթքով ընկերանան իր այս առաքելական ճամբորդութեան ու Մարեմեան Աղօթքէն անմիջապէս ետք փոխադրուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան ուր նախ քան օդանաւ բարձրանալը,  այցելեց անօճախներու խնամակալութեան յատկացուած կառոյց մը որ  հովանաւորած է Հռոմի օդակայաններու ընկերութեան կողմէ:

Այցելութեան աւարտին Սրբազան Հայրը օդանաւ բարձրացաւ ու ժամը 13,27-ին մեկնեցաւ դէպի Ապու Տապի ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 22.00ին (Իտալիոյ ժամով 19-ին) վեց ժամ տեւող ճամբորդութենէն մը ետք որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը պիտի սաւառնի եօթը երկիներու օդային տարածքներու վրայէն՝ որոնց Ղեկավարներուն Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղէ փրոթոքոլային հեռագիրներ, Իտալիա, Մալթա, Յունաստան, Եգիպտոս, Արաբական Սաուտիէ, Պահրէյն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետի ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը,  Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի ու միջ կրօնական Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի։

Նշենք նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապը կիրակի 3 փետրուարի առաւօտեան  Տոմուս Սանթա Մարթայի բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ միջին արեւելքի երկիներէն իսլամ եւ քրիստոնեայ տասը հոգինոց  խումբի մը հետ որոնք Հռոմի մէջ հիւրընկալուած են Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ու Քահանայապետկան ողորմաբաշխի գրասենեակին կողմէ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2019, 12:30