Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձաւ Վատիկան։

Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն այցելեց Հռոմի Աւագ Տիրամօր նուիրւած Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի՝ 5 Փետրուար 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 16.15-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ապու Տապիէն Հռոմ փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան վերջ տալով Նորին Սրբութեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած միջազգային առաքելական 27րդ ճամբորդութեան։

Հազիւ Հռոմ ժամանած ու նախ քան Վատիկան վերադառնալը Ֆրանչիսկոս Պապ սովորութեան համաձայն այցելեց Հռոմի Աւագ Տիրամօր նուիրուած՝  Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան, «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ աղօթելով, առ ի  երախտագիտութիւն ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2019, 17:33