Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ առաքելական ճամբորդութիւն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ առաքելական ճամբորդութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապ Արաբական Թերակղզին այցելող առաջին Քահանայապետը։

3-էն 5 փետրուար 2019ին, Ֆրանչիսկոս Պապ միջ կրօնական բնոյթ ունեցող պատմական ճամբորդութեամբ պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ էմիրութիւնները :

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը որ նոր վերադարձաւ 26-րդ առաքելական ճամբորդութենէն որ զինք առաջնորդած էր Փանամա ԵՀՕ հաւաքին առթիւ կը պատրաստուի երկու օրէն մեկնիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Քահանայապետական 27-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեամբ, որուն կորիզը կը հանդիսանայ Միջ կրօնական երկխօսութիւնը եւ որուն նշանաբանը  կը կրէ խաղաղութիւնը յատկանշող աղաւնիի պատկերը, կտուցին մէջ բռնած խաղաղութեան այլ խորհրդանիշ ձիթենի ճիւղ մը։

Փոքրամաս կաթողիկէ հասարակութիւն

Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը պիտի դիմաւորուի փոքրամաս կաթողիկէ հասարակութեան մը կողմէ, որ մեծամասնութեամբ կազմուած է Ասիայէն եւ Ափրիկէէն ժամանած աշխատաւորներէ, որոնք կը կազմեն բնակչութեան 10 առ հարիւրը։

Պատմական Ճամբորդութիւն

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսանայ առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները որ այմ իսլամական հազուագիւտ երկիրներէն մին է ուր գոյութիւն ունեցող 20 եկեղեցիները կառուցուած են կառավարութեան աջակցութեամբ, որոնցմէ վերջինի բացումը կատարուեցաւ 2015-ի յունիսին Վատիկանի Պետական Քարտուղար  Կարդինալ Փարոլինի ներկայութեամբ։

Առաքելական միջազգային 27-րդ ճամբորդութիւն

Նորին Սրբութեան առաքելական 27 ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Կիրակի 3 փետրուարի կէսօրին արտասանած  Մարեմեան Աղօթքէն անմիջապէս ետք երբ Ան կը փոխադրուի Հռոմի ֆիումիչինօ միջազգային օդակայան որտեղէն կը մենի դէպի Ապու Տապի, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 10,00ին (Հռոմի ժամով 19.ին) եւ ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական ընդունելութիւն  ի ներկայութեան Գահաժառանգ Իշխան Շէյխ Մոհամմատ Պին  Զայետ Ալ Նահեանի ու Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ՝ Ահմատ Ալ Թայեպի։ Պաշտօնական ընդունութենէն ետք  Սրբազան Պապը կը փոխադրուի այս օրերուն իր նստավայր հանդիսացող «Ալ ՄուշրիՖ Փալաս» պալատ։

Միջկրօնական Հանդիպումներ

Երկուշաբթի, 4 փետրուարին, Սրբազան Քահանայապետին օրակարգը կը նախատեսէ Ապու Տապիի նախագահական պալատ այցելութիւն,  ուր տեղի կ՛ունենայ  բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը հուսկ յետմիջօրէի, ժամը 5,00ին (Հռոմի ժամով14.ին), Սրբազան Պապը կը փոխադրուի «Շէյխ Զայետ»ի անուամբ աւագ մզկիթ որ նկատուած է երկրի ամենակարեւոր աղօթատեղին ուր առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ  «Իսլամական Երէցներու Խորհուրդի» անդամներուն հետ։

Հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը  երեկոյեան ժամը 6,00-ին (Հռոմի ժամով 15.ին) «Founder’s Memorial»  յուշահամալիր փոխադրուելով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ճամբորդութեան սիրտը հանդիսացող  միջ-կրօնային հանդիպումին, ուր նախատեսուած են Գահաժառանգ Իշխանին, Ալ Ազհարի Իմամին ու Ֆրանչիսկոս Պապին ելոյթները։

Եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ

Երեքշաբթի, 5 փետրուարին,  ճամբորդութեան վերջին օրը  ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան 9.15-ին (Հռոմի ժամով 6.15-ին) առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Ապու Տապիի մայր տաճար, որմէ ետք 10,30ին, Ապու Տապիի Զայետ անուան մարզադաշտին մէջ կը  նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներ ի շարս որոնք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոսի Ի որուն պիտի ընկերանայ Գերյ. Գէորգ Վրդ. Եղիաեան:

5 փետրուարը արձակուրդի օր

Յայտնենք թէ սոյն ծիսակատարութեան առթիւ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 5 փետրուարը տօնական օր հռչակած են առիթ տալու քրիստոնեաներուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու Քահանայապետին գլխաւորած արարողութեան։ Մարզադաշտը կարող է հիւրընկալել մինչեւ 45 հազար անձ, թէեւ երկրին մէջ կաթողիկէներու թիւը կը գերազանցէ 1 միլիոնը ու պատարագի մասնակցող բաբաքողներուն թիւը հասած է 135 հազարի։

Այս առթիւ Երկրին աշխատակազմի նախարարը յայտարարած է թէ վերոնշեալ որոշումը առնուած է ընդգծելու համար նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նուիրումը ի նպաստ միջ կրօնական երկխօսութեան որուն ծիրէն ներս 2019 տարին հռչակուեցաւ նաեւ հանդուրժողականութեան Տարի։

Հռոմ վերադրաձը

Զայետ մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Չոհի աւարտին  Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Ապու Տապիի միջազգային օդակայան ուր տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութենէն ետք  կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելով դէպի Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 5,00ին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 13:00