Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետքերով առաքելական  ճամբորդութիւն Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետքերով առաքելական ճամբորդութիւն 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճամբորդութիւնը Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետքերուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հինգերորդ անգամուան համար կը հանդիպի Ալ Ազհարի Իմամին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Զիս դարձուր խաղաղութեանդ գործիք» այս էր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին աղօթքը ու նոյն այս աղօթքով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը պատրաստուի մեկնելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ «պատմական» որակուած առաքելական մէկ ճամբորդութեամբ, որուն առանցքը կը կազմէ միջ կրօնական երկխօսութիւնը եւ կը զուգադիպի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին  1219-ին, Մալիք Ալ Քամիլ Սուլթանին հետ ունեցած հանդիպումի 800 ամեակին, որուն հետ հաստատած էր երկխօսութեան կապ մը։

Երկխօսութիւն եւ հանդիպումի մշակոյթ

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելութիւնն ալ կը հիմնուի երկխօսութեան ու հանդիպումի մշակոյթի խթանումին վրայ։ Քահանայապետին ձգտումը արդարեւ եղած է միշտ՝ կամուրջներ կառուցել, եւ իսլամներու ու քրիստոնեաներու միջեւ ամրապնդել ճանաչողութեան փոխյարաբերութիւններն ու վստահութիւնը, հակազդելու համար ատելութիւն ու թշնամութիւն յարուցող քայլերուն եւ պայքարելու անոնց դէմ որոնք կը դիմեն ծայրայեղութեան ու Աստուծոյ անունը կը գործածեն բռնութիւնները արդարացնելու նպատակով։

Ալ Ազհարի Իմամի ներկայութիւնը - հինգերորդ հանդիպում

Այս ծիրէն ներս կարեւոր կը նկատուի Ալ Ազհար Համալսարանի Աւագ Իմամի ներկայութիւնը, որուն հետ Սրբազան Քահանայապետը տարիներու ընթացքին ունեցաւ տարբեր հանդիպումներ ու այս օրերուն հանդիպումը կը հանդիսանայ հինգերորդը։

Առաջին հանդիպումը կայացաւ 2016-ի 23 մայիսին, ապա  2017-ին անոնք իրարու հանդիպեցան երկու անգամ, առաջինը 28 ապրիլ 2017-ին երբ  Գահիրէ մէջ կայացած Խաղաղութեան ու միջկրնօական միջազգային համաժողովին առթիւ, երբ Քահանայապետն ու Իմամը  ընդգծեցին խաղաղ համակեցութեան ու մեծ կրօններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ անոնց միասնական ընթացքը ի նպաստ խաղաղութեան, այդ հանդիպումին յաջորդեց Վատիկանի մէջ այլ հանդիպում մը՝  7 նոյեմբեր 2017-ին, հուսկ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ միշտ Վատիկանի  մէջ, անցեալ 2018-ի հոկտեմբեր 16-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2019, 09:11