Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճամբորդութեան մասին։

Քրիստոնեայ եւ իսլամ աշխարհը կը բաժնեկցին միասնական արժէքներ. Կեանքը, ընտանիքը, կրօնի իմաստը, տարեցներուն պատիւը, երիտասարդներուն դաստիարակութիւնը...

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 6 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորելով չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, այդ առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Արաբական Էմիրութիւններ կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ որ աւարտեց երէկ՝ երեքշաբթի 5 փետրուարին երեկոյեան։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ճամբորդութիւն որակեց «կարճ սակայն շատ կարեւոր» որով՝ գրուեցաւ քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան պատմութեան նոր էջ մը, մարդկային եղբայրութեան հիման վրայ աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը խթանելու յանձնառումով։

Արաբական Թերակղզին այցելող առաջին Քահանայապետ

«Առաջին անգամուայ համար քահանայապետ մը կ՛այցելէր Արաբական Թերակղզին» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու նախախնամութիւնը ուզեց որ այդ Քահանայապետը կրէր Ֆրանչիսկոս անունը, ճիշդ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի ու Սուլթան Մալիք Ալ Քամիլի միջեւ կայացած պատմական հանդիպումէն 800 տարիներ ետք։

Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի հետքերով

Ճամբորդութեան ընթացքին յաճախ մտածեցի Ասսիզացիի սուրբին ու այդ մէկը ինծի օգնեց սրտիս մէջ կրելու Աւետարանը, Յիսուս Քրիստոսի սէրը եւ մինչ կ՛ապրէի այցելութեան  պահերը սրտիս մէջ կար Քրիստոսի Աւետարանը, Հօր ուղղուած աղօթքը՝ իր բոլոր զաւակներուն համար,  յատկապէս ամենաաղքատներուն, անարդարութիւններու թիրախներուն, պատերազմի ու թշուառութեան զոհերուն…«աղօթքը որպէսզի Քրիստոնեաներու ու իսլամներու միջեւ երկխօսութիւնը ըլլայ խաղաղութեան վճռական գործօն ժամանակակից աշխարհին մէջ» յարեց Սրբազան Պապը։

Ազնիւ հիւրընկալութիւն  բազմակրօն ու բազմամշակութային բնոյթով երկրի մէջ

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գահաժառանգ Իշխանին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութեան, իրեն վերապահած ազնիւ հիւրընկալութեան համար ակնարկելով նաեւ Երկրի վերջին տարիներուն արձանագրած զարգացումներուն ու շեշտը դնելով անոր բազմակրօն ու բազմամշակութային ովասիսի բնոյթին վրայ ինչպէս նաեւ  Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ խաչմերուկ հանդիսանալու դերին վրայ։  Ուստի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, վայր խթանելու համար հանդիպումի մշակոյթը» հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գերապայծառ Փոլ Հինտէրին, Հարաւային Արաբիոյ մօտ Առաքելական փոխանորդին, որ կազմակերպեց կաթողիկէ հասարակութեան հայող ձեռնարկը ու շնորհակալութիւն  յայտնեց նաեւ բոլոր կղերական դասին  ու քրիստոնեայ համայնքին նշելով թէ առիթը ունեցած է նաեւ հանդիպելու առաջին քահանային որ առաքելութեամբ մեկնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ որ այսօր 90 տարեկան ու տակաւին ժպիտը դէմքին է։

«Մարդկային եղբայրութեան»  փաստաթուղթը՝ պատմական քայլ

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա Ալ Ազհար համալսարանի Աւագ Իմամին հետ ստորագրած «մարդկային եղբայրութեան» հայող փաստաթուղթին, «որուն մէջ երկուստեք կը հաստատենք  բոլոր մարդոց ու կիներուն եղբայրներ ըլլալու  միասնական կոչումը, տրուած ըլլալով որ բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ որ  «այդ փաստաթուղթով  դատապարտեցին  բռնութեան բոլոր  ձեւերը, յատկապէս ան որ ծպտուած է կրօնական դրդապատճառներով, ապա յանձն առինք տարածել խաղաղութեան իսկական աժէքներ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով նաեւ որ «մեր այս դարաշրջանի մէջ ուր մեծ է փորձութիւնը տեսնելու քրիստոնէական ու իսլամական քաղաքակրթութեան միջեւ բախումը ու կրօնները համարելու հակամարտութիւններու պատճառ, ուզեցինք այլ՝ յստակ ու վճռակամ նշան մըն ալ պարգեւել, յայտնելով որ կարելի է իրարու հանդիպիլ, կարելի է զիրար յարգել ու երեսախօսել իրարու հետ, մեր մշակոյթներու եւ աւանդութիւններու տարբերութիւններուն հանդերձ, «որովհետեւ՝ ըլլայ քրիստոնեայ աշխարհը, ըլլայ իսլամական աշխարհը կը բաժնեկցին միասնական արժէքներ. Կեանքը, ընտանիքը, կրօնի իմաստը, տարեցներուն պատիւը, երիտասարդներուն դաստիարակութիւնը ու այլ ուրիշ արժէքներ» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով նաեւ որ փաստաթուղթը պիտի դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ ու հրաւիրելով ներկաները եւս   զայն կարդալու։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քրիստոնեայ համայնքը 

Խորհրդածութեան վերջին մասին մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քրիստոնեայ համայնքին որ կը հաշուէ գրեթէ մէկ միլիոն հաւատացեալ որոնք Ասիական այլ երկիներէն այնտեղ եկած են աշխատանքի բերումով։

Երէկ առաւօտեան հանդիպեցայ այդ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Ապու Տապիի Սուրբ Յովսէփ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, ապա բոլորին համայնքին համար մատուցեցի Սուրբ Պատարագը՝ հռչակելով երանութիւններու Աւետարանը։

Աղօթք խաղաղութեան համար

 

«Սուրբ Զոհին ընթացքին, որուն մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքներն ու եպիսկոպոսներ եւ աւելի քան 150 հազար հաւատացեալներ, աղօթեցինք յատկապէս խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, յատուկ դիտաւորութիւն ունենալով Միջին Արեւելքն ու Եմենը» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց ըսելով որ այդ ճամբորդութիւնը կը պատկանի Աստուծոյ անակնկալներուն։ «Փառաբանենք Զինք ու անոր նախախնամութիւնը եւ աղօթենք՝ որպէսզի սերմանուած սերմերը պտուղ տան Անոր կամքին համաձայն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2019, 10:51