Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Միջկրօնական Հանդիպում։ Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աստուած Խաղաղութիւն փնտռող մարդուն կողքին է»։

«Չկայ այլընտրանք, կամ կրօնները միասին կը կառուցեն ապագան ու կամ ապագայ չկայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ալ Սալամ Ալէյքոմ – Խաղաղութիւնը ձեր հետ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Արաբական Էմիրութիւններ կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, երկուշաբթի 4 փետրուարի յետմիջօրէին, տեղական ժամով 18.10 անց (Հռոմի ժամով 15.10 անց), սկիզբ տուաւ «Founder’s Memorial» Արաբական Էմիրութիւններու հիմնադիրին նուիրուած յուշահամալիրին մէջ կայացած միջ կրօնական հաւաքին առիթով արտասանած ճառին, ի ներկայութեան Երկրին Պատկան իշխանութիւններուն, այլ կրօններու ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն։

Նորին Սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Շէյխ Մոհամմատ Պին Զայետ Ալնահեան Իշխանին ու Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ՝ Տոքթ Ահմատ Ալ Թայեպին, ինչպէս նաեւ Իսլամական Երէցներու խորհուրդին ու քաղաքացիական եւ կրօնական բոլոր իշխանութիւններուն, ու նաեւ անոնց որոնք սատարեցին ճամբորդութեան կազմակերպութեան։

Ցանակալ Խաղաղութիւնը, խթանել խաղաղութիւնը ու դառնալ խաղաղութեան գործիքներ

«Այս ձեր հայրենիքէն խօսքս կ՛ուղղեմ այս թերակղզիի բոլոր երկիրներուն, որոնց կ՛ուզեմ յղել բարեկամական ու յարգանքի սիրալիր ողջոյնս» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով թէ Տիրոջ երախտապարտ հոգիով է որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի ու Սուլթան Ալ Մալիք Ալ Քամիլի միջեւ կայացած հանդիպումին 800 յոբելեանի առթիւ, հնարաւորութիւնը ունի այստեղ գալու «որպէս խաղաղութեան ծարաւ ունեցող հաւատացեալ ու եղբայրներուն հետ խաղաղութիւնը փնտռող եղբայր մը»։

«Ցանակալ Խաղաղութիւնը, խթանել խաղաղութիւնը ու դառնալ խաղաղութեան գործիքներ. ասոր համար է որ այստեղ կը գտնուինք» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանշանին որ կը պատկերացնէ աղաւնի  մը՝ որ կտուցին մէջ բռնած է ձիթենիի ճիւղ մը, եւ որ խորհրդանիշն է՝ Աստուածաշունչին մէջ պատմուած ջրհեղեղէն ետք խաղաղութեան դաշինքին։

Եղբայրութեան տապանը

«Աստուած Նոյ նահապետէն խնդրեց իր ընտանիքին հետ միասին տապան մտնեն փրկելու համար մարդկութիւնը։ Այսօր մենք եւս, խաղաղութիւնը փրկելու համար, կարիքը ունինք, Աստուծոյ անունով որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ, միասին մտնելու տապան մը, որ կարող է դիմադրել աշխարհի ծովուն մէջ յարուցուած փոթորիկին՝ եղբայրութեան տապանը»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով որ այս ընելու համար հարկաւոր է որպէս մեկնակէտ ճանչնալ  թէ «Աստուած  սկիզբն է մարդկային միակ ընտանիքին»։

Բ«Ան արդարեւ ամէն բանի Արարիչն է եւ կ՛ուզէ որ մենք ապրինք որպէս եղբայրներ ու քոյրեր, հասարակաց տան մէջ զոր ինք մեզի պարգեւեց։ Մեր մարդկայնութեան միասնական արմատը եղբայրութիւնն է» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու այդ եղբայրութիւնը մեզի կ՛ըսէ որ բոլորս ալ ունինք հաւասար արժանապատուութիւն ու ոչ մէկը կարող է ուրիշներուն տէրը կամ ստրուկը ըլլալ։

Աստուծոյ անունով որեւէ բռնութիւն անարդարացի է

«Կարելի չէ յարգել Արարիչը եթէ չի պաշտպանենք ամէն մէկ անհատի մարդկային կեանքի սրբութիւնը, որովհետեւ ամէն մէկ կեանք հաւասարապէս արժէքաւոր է Աստուծոյ աչքերուն համար», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու ասկէ մեկնելով   մատնանշեց թէ պէտք է անվերապահօրէն դատապարտուի Արարիչ Աստուծոյ անունով որեւէ բռնութեան ձեւ ու թէ Աստուծոյ Անունը կը սրբապղծուի երբ ան կը գործածուի արդարացնելու համար ատելութիւնն ու բռնութիւնը։

«Չկայ բռնութիւն որ կարող է արդարացում գտնել կրօնական գտնի վրայ» յարեց հուսկ Քահանայապետը եղբայրութեան որպէս թշնամի նկատելով «անհատականութիւնը» որուն ձգտումն է ինքզինք ու սեփական խումբը պարտադրել ուրիշներուն։

Եղբայրութեան թշնամին անհատականութիւնն է

«Այս մէկը կը սպառնայ մարդկային կեանքին ու կրօնականութեան, որովհետեւ իսկական կրօնը կը կայանայ զԱստուած սիրելու մէջ ու սիրելու ընկերը մեր անձին պէս» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ,  գնահատանք արտայայտելով Արաբական Էմիրութիւններու յանձնառումին համար՝ ի նպաստ հանդուրժողականութեան ու կրօնի ազատութեան, ու անոնց  ատելութեան ու ծայրայեղականութեան դէմ մղած պայքարին համար։

«Եղբայրութիւնը կը յատկանշէ նաեւ եղբայրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնն ու բազմազանութիւնը, թէեւ անոնք իրարու կապուած են  ծնունդով եւ ունին միեւնոյն արժանապատուութիւնն ու բնոյթը» ըսաւ Սրբազան Հայը նշելով թէ կրօնական բազմազանութիւնն ալ արտայայտութիւնն է  այդ իրողութեան ու թէ հաւատացեալները կանչուած են զիրենք ստեղծող Ամենագութին անունով  յանձնառու ըլլալու՝ բոլորին հաւասար արժանապատուութեան ի նպաստ։

«Արդարեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համոզումը այն է թէ կարելի չէ զԱստուած կոչել որպէս բոլոր մարդոց Հայր, եթէ կը մերժենք մէկը միւսին նկատմամբ վերաբերուիլ որպէս եղբայր»» դիտել տուաւ Քահանայապետը ու  ասկէ մեկնելով մի քանի հարցականներ ներկայացուց. Թէ ինչպէս կարելի է փոխադարձ կերպով մենք մեզ պահպանել միակ մարդկային ընտանիքի մը ներքոյ։ Ինչպէս սնուցել ոչ տեսական եղբայրութիւնը մը որ դառնայ իսկական եղբայրութիւն։ Ինչպէս կրօնները կարող են դառնալ եղբայրութեան խողովակներ՝ փոխան բաժանումի պատնէշներու»։

Մարդկային ընտանիքը եւ տարբերութեան քաջութիւնը։

Եթէ կը հաւատանք մարդկային ընտանիքի գոյութեան, հետեւաբար ան պէտք է պահպանուի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ այդ մէկը կարելի է ընել, ինչպէս բոլոր ընտանիքներուն մէջ, առօրեայի իսկական երկխօսութեան միջոցաւ, առանց որ  իւրաքանչիւրը զիջի  իր  ինքնութենէն, ու ընդունելով ուրիշին ու անոր ազատութեան լիիրաւ ճանաչումը, որ կ՛ենթադրէ նաեւ յանձնառում՝ պաշտպանելու համար անոր հիմնական իրաւունքները։

«Արդարեւ առանց ազատութեան չենք կրնար նոյն մարդկային ընտանիքի զաւակներ ըլլալ այլ կը դառնանք ստրուկներ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ազատութեան համակարգէն ներս շեշտը դնելով յատկապէս կրօնի ազատութեան վրայ։

Երկխօսութիւնը եւ աղօթքը։

«Տարբերութեան քաջութիւնը երկխօսութեան ոգին է որ կը հիմնուի դիտաւորութիւններու անկեղծութեան վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը նշելով որ երկխօսութիւնը վտանգուած է յերիւրանքէն որ կը յառաջացնէ հեռաւորութիւն ու կասկած» ու դիտել տալով որ «այս բոլորին մէջ  աղօթքը կը դառնայ էական»։

«Ի սրտէ կատարուած աղօթքը կազդուրական է եղբայրութեան համար, եւ ասոր համար միջ կրօնական երկխօսութեան ապագային համար առաջնահերթ քայլը աղօթքն է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով որ  աղօթելու ենք մէկը միւսին համար որովհետեւ բոլորս եղբայրներ ենք։

«Թող որ մեր այդ փոխադարձ աղօթքը, ամէն մին իր աւանդութեան համաձայն, համակերպի Աստուծոյ կամքին, որուն փափաքն է որ բոլոր մարդիկը զիրար ճանչնան ու իրարու հետ ապրին որպէս եղբայրներ, կազմելով մէկ մարդկային մեծ ընտանիք մը. տարբերութիւններու ներդաշնակութեան մէջ» մաղթանք յայտնեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ « չկայ այլընտրանք, կամ միասին կը կառուցենք ապագան ու կամ ապագայ չկայ»։ Այս ծիրէն  ներս կրօնները յատկապէս, չեն կրնար հրաժարիլ իրենց հրատապ պարտականութիւնէն, կառուցելու կամուրջներ ժողովուրդներու ու մշակոյթներու միջեւ, օգնելու համար մարդկային ընտանիքը, որպէսզի հասունցնէ հաշտութեան կարողութիւնը, յոյսի տեսլականը ու իրականացնէ խաղաղութեան գործնական երթուղիներ։

Կրթութիւնը ու արդարութիւնը  խաղաղութեան երկու թեւերը

Վերամատնանշելով  խաղաղութեան աղաւնիի պատկերին Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ  «խաղաղութիւնն ալ՝ թռչելու համար  պէտք ունի թեւերու՝ կրթութեան եւ արդարութեան դեւերուն» ըսաւ Ան։

«Կրթութիւն կը նշանակէ ի լոյս ընծայել հոգիին արժէքաւոր կենսամիջոցները» յարեց Սրբազան Պապը գնահատելով Արաբական Էմիրութիւններուն այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը ու մատնանշելով որ կրթութիւնն ալ տեղի կ՛ունենայ յարաբերութեան միջոցաւ ու թէ ապագայի համար կարեւոր է կազմել բաց ինքնութիւններ, որոնք կարող ըլլան յաղթահարելու ինքնափակումի փորձութիւնը։

«Մշակոյթին ի նպաստ ներդրում կատարելը կը սատարէ ատելութեան նուազումին ու քաղաքակրթութեան աճումին» ըսաւ Քահանայապետը, ակնարկելով այս առընչութեամբ Կաթողիկէ հաստատութիւններու առաքելութեան ապա նշեց թէ «երիտասարդները օր մը մեզ պիտի դատեն, ու թէ անոնք մեզ լաւ կը դատեն եթէ մենք կարողանանք անոնց պարգեւել զօրաւոր արմատներ, որոնց հիման վրայ ստեղծուին քաղաքակրթութեան նոր հանդիպումներ, ապա չարաչար պիտի դատեն՝ եթէ  անոնց թողունք միայն ցնորքներ ու անքաղաքակիրթ բախումներու դժբախտ  հեռանկարը»:

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ դիտել տուաւ  որ արդարութիւնը խաղաղութեան երկրորդ թեւն է։ Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն անբաժան են իրարմէ» նշեց Ան մէջբերելով Եսայի Մարգարէին խօսքերը «արդարութիւն կատարելը խաղաղութիւն կը պարգեւէ» ու հաստատելով որ  խաղաղութիւնը կը մեռնի երբ կը բաժնուի արդարութենէն ու թէ արդարութիւնը կեղծ է՝ երբ տիեզերական չէ ու զի ընգրկեր բոլորը։

Կրօնները թող ըլլան վերջիններուն ձայնը

Կրօնները պարտականութիւնն ունին յիշեցնելու որ շահոյթի ժլատութիւնը՝ սիրտը անշարժ կը դարձնէ եւ ներկայի շուկայական օրէնքները, պահանջելով ամէն ինչ եւ անմիջապէս, չեն  սատարեր հանդիպումին, երկխօսութեան, ընտանիքին, որոնք ժամանակի եւ համբերութեան կարիք ունեցող կեանքի կարեւոր ու անհրաժեշտ չափորոշիչներ են։

«Կրօնները թող ըլլան վերջիններուն ձայնը ու թիկունք կանգնին աղքատներուն, թող հսկեն որպէս պահակներ եղբայրութեան՝ հակամարտութիւններու խաւարին մէջ, թող ըլլան արթուն ազդակներ՝ որպէսզի մարդկութիւնը իր աչքերը չի փակէ անարդարութիւններուն դիմաց եւ չի յուսալքուի աշխարհի ողբերգութիւններուն առջեւ»։

Ծաղկուն անապատը։

Խօսելէ ետք եղբայրութեան մասին որպէս խաղաղութեան ծիածան Սրբազան Հայրը  ներշնչում քաղեց այլ պատկերէ մը՝ անապատը, «որ մեզ կը շրջապատէ» ըսաւ Ան մատնանշելով թէ ինչպէս իմաստութեամբ ու հեռատեսութեամբ այդ անապատը, քիչ տարիներու ընթացքին, դարձաւ հիւրընկալ ու բարգաւաճ վայր մը։ «Անապատը՝ անշրջելի եւ անհասանելի խոչընդոտէ դարձաւ մշակոյթներու ու կրօններու հանդիպումի վայր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ այնտեղ այդ անապատը ծաղկեցաւ, ու անապատի աւազն ու երկնաքարերը իրարու հանդիպելով կը շարունակեն ըլլալ արեւմուտքի եւ արեւելքի միջեւ ու մոլորակի հարաւի եւ հիւսիսին միջեւ  խաչմերուկ, վայր զարգացումի՝ ուր բազմաթիւ  տարածքներ որոնք ժամանակին անհիւրընկալ էին, աշխատանքի վայր դարձան բազմաթիւ ազգութիւններէ անձերուն համար»։

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց որ զարգացումն ալ ունի իր թշնամիները ու թէ եթէ եղբայրութեան թշնամին անհատականութիւնն է զարգացումի թշնամին անտարբերութիւնն է։

Համապարփակ զարգացումը

«Միայն համապարփակ զարգացում մը կարող է արժանավայել ապագայ ապահովել մարդուն. Անտարբերութիւնը արգելք կը հանդիսանայ  մարդկային ընտանիքին մէջ ուրիշը տեսնելու որպէս եղբայր։ Ան չի նայիր ապագային, հոգ չի տանիր արարչութեան, չի մտահոգուիր մանուկներու կամ օտարին ապագայով այլ կը նայի միայն սեփական շահին» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Ապու Տապիի մէջ կայացած թուային դարաշրջանի մէջ մանուկներուն արժանապատուութեան հաղող մէկ միջ կրօնական խորհրդաժողովին ու այդ ուղղութեամբ  շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր կրօնական ղեկավարներու յանձնառութեան։

Յարատեւել յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան ընթացքով

Երկարաշունչ պատգամին վերջին մասին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց Արաբական Էմիրութիւններու մէջ բնակութիւն հաստատած օտարներուն  ու քրիստոնեայ հասարակութեան, որոնք, ըսաւ Ան, այստեղ գտան յարգանք ու  հանդուրժողականութիւն, եւ այս ծիրէն ներս քաջալերեց տեղական իշխանութիւնները յարատեւելու այդ ընթացով ու մաղթեց որ ոչ միայն այնտեղ այլ միջին արեւելքի համայն տարածաշրջանին մէջ ստեղծուին հանդիպումի  հնարաւորութիւններ, ընկերութիւններ ուր տարբեր կրօններու պատկան մարդիկ ունենան քաղաքացիութեան հաւասար իրաւունք եւ ուր մերժուի միայն բռնութեան  իրաւունքը։

Քահանայապետը խաղաղութեան սերմ նկատեց առ այդ եղբայրական համակեցութիւնը՝ հիմնուած կրթութեան ու արդարութեան վրայ ու Մարդկային համապարփակ զարգացումը՝  կառուցուած ընդելուզումի ու բոլորին իրաւունքներու յարգանքին նշելով որ կրօնները կանչուած են այս բաները ծաղկեցնելու։

Կրօնապետերու պատասխանատուութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ նկատելով որ կրօնները  սատարեն մարդուն սրտին ապազինութեան, հաստատեց թէ՝ զէնքի դիմելը, տարածքներ ընդլայնելը ու յարձակողական քաղաքականութիւնը երբեք կայունութեան չեն տանիր ու պատերազմը ուրիշ բան չիստեղծեր  եթէ ոչ թշուառութիւն, ու զէնքերը  ուրիշ բան չեն կրնար բերել եթէ ոչ մահ։

Մարդկային եղբայրութիւնը մեզմէ՝ կրօններուս պատասխանատուներէս կը պահանջէ արգիլել պատերազմ բառը։ Մեր հայեացքին տակ են անոր դժբախտ հետեւանքները։ Կը մտածեմ յատկապէս Եմենին, Սուրիոյ, Իրաքին ու Լիպիային - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց միասին՝ եղբայրներ միակ մարդկային ընտանիքին, Աստուծոյ կամքին համաձայն, յանձնառու ըլլալու ընդդիմանալու զինուած ուժերու տրամաբանութեան, յարաբերութիւնները  դրամայնացումին, պատերի բարձրացումին ու աղքատներու վրայ ճնշումին։

Պատերամզին հակազդել աղօթքով եւ երկխսօութեամբ

Այս բոլորին հակազդենք աղօթքի քաղցր ուժով ու երկխօսութեան առօրեայի յանձնառումով։ Մեր միասին գտնուիլը այսօր ըլլայ վստահութեան պատգամ, քաջալերանք բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց, որպէսզի չի յանձնուին բռնութեան ջրհեղեղներուն ու այլասիրութեան անապատացումին։

«Աստուած խաղաղութիւն փնտռող մարդու կողքին է» ու «Երկինքը կ՛օրհնէ այս աշխարհի վրայ այդ ճանապարհով ընթացող ամէն մէկ քայլ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2019, 16:54